Հարցազրոյց Orthopedic Surgeon Տոքթ. Ճոն Միսիրեանի Հետ

Բժիշկ Ճոն Միսիրեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Իր երկրորդական ուսումը ստացած է «Յովակիմեան-Մանուկեան» վարժարանէն: Ան ուսուցիչներ ունենալով Վահէ Վահեանը, Զարեհ Մելքոնեանը, Համբարձում Պէրպէրեանը, Արա Թօփճեանը, Գերսամ Ահարոնեանը ու նմաններ, նաեւ հայերէն լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ գրականութիւնը, հայ երգն ու կրօնքը անխուսափելի տուեալներ ըլլալով՝ ինքնաբերաբար իր ուսանողական տարիները անցուցած է զուտ հայկական ու եկեղեցական մթնոլորտի մէջ, մինչեւ համալսարան յաճախելը: Նոյն ուսանողական շրջանին ան նաեւ երգած է հայ եկեղեցւոյ դպրաց դասերուն մէջ ու ունեցած է եկեղեցական զանազան պաշտօններ: Համալսարանական տարիներուն, ան եղած է գործօն անդամ «ՀԵՀՈՄ»ի՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հայ Ուսանողական Միութեան, եւ համալսարանական զանազան կազմակերպութիւններու մէջ. իր նախասիրած նուագարանը եղած է ջութակը, որուն դասընթացքներու հետեւած է քանի մը տարիներ: Պետական առաջին ու երկրորդ պաքալորիայի քննութիւնները յաջողապէս անցնելէ ետք, ան անցած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը. ապա նոյն համալսարանին մէջ անցնելով բժշկական բաժինը՝ աւարտած է 1975ին:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Տոքթ. Ճոն Միսիրեան, ինչը՞ մղած է ձեզ բժշկութեան ասպարէզին հետեւելու:

ՏՈՔԹ. ՃՈՆ ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Անմիջական ընտանիքիս մէջ բժիշկներու օրինակներ չունէի. ե՛ւ ինծի համար, ե՛ւ ընտանիքիս համար իմ տենչս նորութիւն մըն էր, զոր պէտք է յաղթահարէի մինակս: Բժշկութիւնը եղած է իմ փափաքս կանուխ տարիքէս. մարմինի եւ միտքի աշխատանքին գաղտնիքները հասկնալու տենչը մէջս զօրաւոր եղած է, նոյնքան զօրաւոր եղած է նաեւ մէջս ուրիշին օգնելու փափաքն ու գաղափարը: Ասոր զուգահեռ, ծնողքս միշտ քաջալերած է որ հետապնդեմ ու իրականացնեմ փափաքներս:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Բժշկական ի՞նչ համալսարաններ յաճախած էք, ո՞ւր եւ ո՞ր տարիներուն:

ՏՈՔԹ. Ճ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Մասնագիտանալու գաղափարով 1975ին եկայ Միացեալ Նահանգներ, նոյն ամիսներուն սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը. Նպատա՛կս մասնագիտանալէ ետք վերադառնալ էր Լիբանան. տարիները սահեցան, սակայն պատերազմը չվերջացաւ, ի վերջոյ ստիպուեցայ մնալ Ամերիկա: 1975ին, 24 տարեկանիս, աւարտելով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկութեան դպրոցը՝ եկայ Օհայօ, եւ 1975-1981ին մասնագիտացայ ոսկորի վիրաբուժութեան մէջ (Orthopaedic Surgery), աւարտելով Saint Lukes Hospital, Case Western University-ն. ապա, 1981-1982ին, կատարեցի մասնայատուկ մասնագիտութիւն՝ «Fellowship»՝ ոտքը բնորոշող հիւանդութիւններու եւ անոնց վիրաբուժական մօտեցումներուն մասին, իբրեւ ուսուցիչ ունենալով աշխարհահռչակ Roger Mann MD-ին: 1982ին, փոխադրուելով Սան Ֆրանսիսքօ՝ սկսայ աշխատելու Ծովածոցի շրջանը, եւ աշխատանքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Ունիմ երկու գրասենեակներ ու եօթը վիրահատ գործակից բժիշկներ:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչո՞ւ այս մասնագիտութիւնը ընտրած էք, եւ եթէ կարելի է մասնագիտական որոշ լուսաբանութիւններ տալ ոսկորաբուժութեան մասին:

ՏՈՔԹ. Ճ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Ոսկորաբուժութիւնը ընտրած եմ իբրեւ մասնագիտութիւն՝ զայն գտնելով յստակ եւ դրական մասնագիտութիւն, եւ իմ տեսանկիւնէն՝ զայն գտնելով շատ օգտակար լուծում տուող բժշկական մօտեցում՝ մարմնային առօրեայ իրավիճակներու:

Իմ մասնագիտութիւնը կը պարփակէ նորածինէ մինչեւ ծերութիւն մարմնամարզանքէ եւ արկածներէ յառաջացած կացութիւններ, եւ կ՛ընդգրկէ մարմինի ծաւալին մեծ տոկոսը՝ իր մէջ ունենալով ողնայարը, մկանները, թեւերը, սրունքները, ջիղերը եւ այլն: Ոսկորաբուժութեան ձգտումն է ախտաճանաչում եւ բուժում. շարժումը կեանքի ամենակենսական յատկութիւններէն մէկն է: Յօդերը ոսկորներուն հանդիպման վայրն են եւ մկաններու ձգանքը թոյլ կու տայ շարժումի ստեղծման: Ոսկորը, յօդը, մկանը շնչող եւ ապրող մարմնային օրկաններ են: Եթէ սնունդը կամ թթուածինը դադրին, անոնք նաեւ կը դադրին ապրելէ եւ աշխատելէ: Ոսկորը որ պինդ կը թուի, որոշ պայմաններու տակ կը դառնայ շատ կակուղ եւ կրնայ շատ դիւրութեամբ փշրուիլ: Ասոր կողքին, կան տարիքի բերումով յօդերու մաշում, յօդային զանազան հիւանդութիւններ, մկանային հիւանդութիւններ, որոնք կ՛ազդեն շարժումին վրայ եւ ցաւ կը պատճառեն:

Հիւանդութիւններու կողքին կան արկածներու պատճառաւ վնասուած ոսկորներ: Ոսկորաբուժութիւնը կը ձգտի մարմինը վերադարձնելու գործող վիճակի՝ հիւանդը ձերբազատելով ցաւերէն:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Մեզմէ շատեր, իբրեւ հասարակ մահկանացուներ, սննդականոնի մասին շատ բան չեն գիտեր, մանաւանդ՝ մեր ոսկորներու առողջութեան մասին: Այս առումով մասնագիտական ի՞նչ թելադրութիւններ կրնաք տալ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն:

ՏՈՔԹ. Ճ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Ոսկորները, նման մարմինի այլ օրկաններու, պէտք ունին ճիշդ սնունդի: Ալքոհոլը, ծխելը, գիրութիւնը վնասակար են: Ոսկորները եւ մկանները պէտք ունին մարմնային կանոնաւոր մարզանքներու: Հեծանիւ վարելը, քալելը, լողալը շատ օգտակար են յօդերը ու մկանները շարժուն պահելու եւ զօրացնելու համար: Արեւուն ճառագայթները, որոշ չափով, կարեւոր են ոսկորներու զօրութեան համար:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Յաջորդ 10 տարիներուն ընթացքին ի՞նչ յառաջդիմութիւններ կ՛ակնկալէ՛ք ծունկի եւ կոնքի գործողութիւններուն գծով:

ՏՈՔԹ. Ճ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Ապագան կը խոստանայ զանազան նորութիւններ, ինչպէս զանազան նորութիւններ արդէն ներկայացուեցան նախորդ տասնամեակներուն: Կը սպասուի, որ աճառի (Cartilage) հիւանդութեան պատճառները աւելի բացայայտուին, զայն կանխելու նպատակով: Հիւանդ աճառը փոխարինելու եւ կամ փոխպատուաստելու (Transplantation) համար, «գեն» (Gene) դարմանումը պիտի զարգանայ՝ կանխելու զանազան հիւանդութիւններ: Համակարգիչը եւ «ռօպոթ»ները արդէն իսկ կը ներմուծուին գործողութեան սրահէն ներս: Ափսէ (Plate), պտուտակներ եւ պրոթեզներ (Prostheses) ա՛լ աւելի պիտի կատարելագործուին: Ապաքինման ժամանակները պիտի կրճատուին, «ինֆեքցիա»ները (Infections) պիտի նուազին:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ խորհուրդներ կրնաք տալ այն հայ երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին բժշկութեան հետեւիլ:

ՏՈՔԹ. Ճ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Բժշկութիւնը կոչում մըն է, կը պահանջէ յարատեւ աշխատանք եւ անձնուիրութիւն: Կու տայ հոգեկան ներքին գոհունակութիւն, երբ կը տեսնես հիւանդը առողջացած: Կը պահանջէ երկար տարիներու զոհողութիւն, բայց իր բոլոր դժուարութիւններով, կը քաջալերեմ բոլոր հայ երիտասարդները, որ իրենց ապագայի քննարկութիւններուն ընթացքին բժշկութիւնը նկատի ունենան:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածէք Հայ Դատին համար տարուած աշխատանքներուն մասին, մեր հողային պահանջատիրութեան եւ հայ թրքական փոխյարաբերութեանց մասին. Հայ Դատին համար տարուած աշխատանքները որքանո՞վ բաւարար կը գտնէք:

ՏՈՔԹ. Ճ. ՄԻՍԻՐԵԱՆ.- Տարուած աշխատանքը շատ քաջալերելի է եւ դիմագրաւուած պայքարը բուռն է: Համոզուած եմ, որ իրականութիւնը ուշ կամ կանուխ կը յաղթահարէ խաւարի ուժերը: Աշխատանքի թափը պիտի շարունակուի եւ իրականութիւնները պիտի պարզուին աշխարհին: Կը նմանի դրօշարշաւի մը, ուր միայն վերջին վազողը կը հասնի աւարտական գիծին: Ներկայ սերունդին պարտականութիւնը կ՛ըլլայ փոխանցել դրօշակը յաջորդ սերունդին: Ոեւէ մէկը չի կրնար գուշակել ապագան:

Asbarez.com

Scroll Up