Տէր Զօրի Անապատային Շրջանը Ամբողջութեամբ Ազատագրուած է

Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2018-ին, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Տէր Զօրի անապատային շրջանը, մինչեւ իրաքեան սահման, ամբողջովին ազատագրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
«Այս յաղթանակը կը վկայէ սուրիացի զինուորին հզօր կարողականութեան ու սուրիական բանակի հրամանատարութեան վճռակամութեան մասին՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պատերազմելու մինչեւ սուրիական հողերուն ամբողջական ազատագրումը»,- յայտնած է հրամանատարութիւնը: