Փոքրիկ Հայաստան` Ուաշինկթընի ՄԷջ. Կը Մեկնարկէ «Ազգային Կեանք» Փառատօնը

ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ յունիս 27-ին պիտի մեկնարկէ Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Սմիթսոնեան հիմնարկի ամէնամեայ «Ազգային կեանք» փառատօնը (Folklife), որ նուիրուած պիտի ըլլայ հայկական մշակութային ժառանգութեան: Պիտի ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը,  գորգագործութիւնը, ասեղնագործութիւնը, հայկական ուտեստները եւ այլն, ու այդ ամէնը հայ վարպետներու անմիջական մասնակցութեամբ: Փառատօնը պիտի կրէ գործնական բնոյթ, այցելուները պիտի տեսնեն, թէ ինչպէս կը պատրաստուի այս կամ այն իրը, ուտեստը` միաժամանակ ունենալով իրենց անմիջական մասնակցութիւնը:

Երեք ամիս Ուաշինկթըն գտնուող Ալիք Գանտահարեան, որ վարժողական ծրագիրներով աշխատած է Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ, զուգահեռաբար նաեւ Սմիթսոնեան հաստատութեան մէջ, մասնակցած է «Ազգային կեանք» փառատօնի հայաստանեան բաժինի ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն, որ կ՛ենթադրէ ծրագիրի մշակում, իրագործում, ժամանակացոյցի կազմում, հայաստանեան մասնակիցներու հրաւէրներու ձեւակերպում եւ այլ աշխատանքներ:

«Փառատօնի կարեւորութիւններէն մէկն այն է, որ բացի երկրիդ ճանաչելիութիւնը, իւրաքանչիւր մասնակիցի հնարաւորութիւն կը տրուի ինքզինքը դրսեւորելու, ցուցադրելու իր վարպետութիւնը, հմտութիւնները, որոնք կը գնահատուին եւ կ՛արժեւորուին անհատապէս»,-«Հայերն այսօր»-ի-հետ զրոյցին ըսաւ Ալիք Գանտահարեան, որուն համար փառատօնի ծրագիրներուն մասնակցիլը  ոչ միայն աշխատանքային փորձառութիւն է, այլեւ Հայաստան ապրող իր հայրենակիցներուն հետ շփում:

«Շատ ուրախ եմ, որ այս փառատօնին շնորհիւ հնարաւորութիւն ունեցայ ծանօթանալու հայրենիքի մէջ ապրող հայրենակիցներուս: Մինչեւ Ուաշինկթըն ժամանելն արդէն կապ  հաստատած էինք անոնց հետ, որ մեզի արդէն հարազատ  դարձուցած էր: Երբ փառատօնի մասնակիցները եկան Ամերիկա, կարծես շատոնց  իրար ծանօթ ըլլայինք: Կարեւոր է նաեւ այն, որ հայրենակցական կապն օգնեց կազմակերպիչ-մասնակից փոխյարաբերութիւններուն հետ մէկտեղ ստեղծել աշխատանքային հրաշալի մթնոլորտ մը»,- նշեց Ալիք Գանտահարեան:

Աւելցնենք, որ դեռեւս 1967 թուականէն գործող  «Ազգային կեանք» ամէնամեայ փառատօնը կ՛իրականացուի Ուաշինկթընի ազգային զբօսայգիին մէջ, ուր կը գտնուին բազմաթիւ թանգարաններ, յուշարձանային համալիրներ: Ամէնամեայ փառատօնը հարիւր-հազարաւոր այցելուներուն եւ միլիոնաւոր առցանց հետեւողներուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու ներկայացուած երկրի արհեստագործութեան, խոհանոցին, պարին, երաժշտութեան եւ մշակութային այլ արտայայտչաձեւերուն:

 

 

Scroll Up