Ռուսաստանաբնակ Հայազգի Բարերարն Արցախին Նուիրաբերած Է Դպրոցական Հանրակառք

Ռուսաստանաբնակ հայազգի բարերար Սերգէյ Սարգիսովն անձնական նախաձեռնութեամբ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նուիրաբերած է դպրոցական հանրակառք (School bus):
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է ԱՀ ԿԳՍ նախարարի մամլոյ խօսնակ Ծովինար Բարխուդարեանը:
Ան նշած է, որ հանարկառքը պիտի ծառայէ դպրոցականներուն, մասնաւորապէս, ճանաչողական շրջագայութիւններու համար:
Մեր զրուցակիցը տեղեկացուցած է նաեւ, որ նոյն նպատակին համար շուտով հանրակառք մը եւս պիտի տրամադրուի ԱՀ ԿԳՍ նախարարութեան: