Հայաստանի Հաւաքականը Փորձնական Կազմով Պարտուեցաւ Սուրիոյ

Պասքէթպոլի տղամարդոց Հայաստանի ազգային հաւաքականը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ընկերական հանդիպում  ունեցած է  Սուրիոյ ազգային հաւաքականին հետ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն ՀԲՖ-ի մամլոյ ծառայութենէն, Հայաստանի խումբը խաղցած է փորձնական կազմով եւ պարտուած  66:77 հաշուով:

Հայաստանի հաւաքականը յունիս 26-ին Պէյրութէն կը մեկնի  Գոպընհակըն, ուր յունիս 28-ին Եւրոպա-2021-ի ընտրական հանդիպում կ’իրականացնէ Դանիոյ ազգային հաւաքականին հետ:

Scroll Up