Ամավերջի Հանդէս՝ ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Վարժարանի

Բեղուն գործունէութեամբ հարուստ տարի մը բոլորեց ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը, զանազան առիթներով, ի մասնաւորի՝ իր հովանիին տակ գործող շաբաթօրեայ վարժարանի արդիւնաբեր աշխատանքներով, բազմավաստակ  տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեանի եւ ժրաջան ուսուցչուհիներու անսակարկ նուիրումով իրագործուած:

Վարժարանի տարեվերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին  Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, մասնաճիւղին մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արշօ Աւագեան, Համազգայինի ներկայացուցիչ Արաքսի Գազանճեան, մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, ՀՕՄի անդամներ, ծնողներ եւ հարազատներ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած էր յայտագիրը, որուն բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեան: Ան իմաստաւորեց օրուան խորհուրդն ու կարեւորութիւնը, բացատրականներ տուաւ 600 տարիներու հայոց երազանքի իրականացման մասին, որ կը միաձուլէր անկախութիւն, պետականութիւն, բանակ ու մշակոյթ: Ան Հայաստանը «Բացօթեայ թանգարան» որակելով, ընդգծեց միացեալ ոյժի գաղափարը, ընդգծելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կարեւորութիւնը:

Ապա, մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները խմբերգեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները: «Տէրունական աղօթք»ով հանդէսի բացման օրհնութիւնը կատարեց Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, որ նաեւ յաջողութեան մաղթանքներով շնորհաւորեց աշակերտները իրենց արձանագրած նուաճումներուն համար:

Այնուհետեւ յայտագրի գեղարուեստական բաժինը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն ներկայացուցած  խմբերգներով եւ ոտանաւորներով:

Փոքրիկն Արաքսիա Գարամինասեան արտասանեց «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի» ոտանաւորը: ԱՆ իր մանկական անոյշ լեզուով զարմացուց հանդիսականները: Վարժարանի բարձր կարգի աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ խմբերգեցին «Գետաշէն» եւ «Հայաստան» երգերը, որմէ ետք չորս պարմանուհիներ նազանքով պարեցին իրենց պարուսոյց Մարինէ Խաչատուրեանի բեմադրած «Ծաղկաձոր» պարը, իսկ Ռազմիկ Պարթասեան եւ Կապի Եղիայեան գեղեցկօրէն ասմունքեցին Ուիլըըմ Սարոյեանի «Եթէ Կարենաս» արձակ գրութիւնը,  յուզելով ներկաները:

Այնուհետեւ, աշակերտները մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին «Մայիս 28»ին նուիրուած թատրերգութիւնը, որ ազգային եւ դաստիարակչական բնոյթէն անկախ, կը ներկայացնէր Հայաստանի անկախութեան ստեղծած ոգեւորութիւնը: Թատրերգութեան ընթացքին բծախնդրութեամբ ընտրուած եւ ներկայացուած «Հայ Դրօշ», «Փառքով Հայկական», «Հայկական Բանակ», «Մենք Հայեր Ենք» երգերու եւ արտասանութիւններու կատարումները, ներկաները փոխադրեցին 28 Մայիս 1918ի անկախութեան Յաղթանակի օրուան: Երգի ուսուցչուհի Անժէլա Եկորեանի փոքրերուն եւ մեծերուն սորվեցուցած եզակի այս երգերը հայկական շունչով ու ոգիով լեցուցին ներկաներու սիրտերը:

Մայիսի յաղթանակներու կարգին յիշուեցաւ նաեւ Մայրերու տօնը, եւ մանկապարտէզի փոքրերը դարձեալ երեւցան բեմին վրայ, երգելով եւ պարելով «Մամա», «Սէրն է Ամէնուրեք», նուիրելով եռագոյն փուչիկներ իրենց ծնողներուն, անոնց աչքերէն ուրախութեան արցունքներ հոսեցնելով:

2018ի տարուան շրջանաւարտն էր Ռազմիկ Պարթասեան, որ մանկապարտէզի տարիներէն մինչեւ աւարտական իր տարին յաճախած էր այս շաբաթօրեայ վարժարանը: Ան եղած է պարտաճանաչ ու տիպար աշակերտ մը: Ան իր հրաժեշտի խօսքին մէջ հպարտութեամբ եւ սահուն հայերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց իր ուսուցչուհիներուն, որոնց միջոցաւ ան սորված էր հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ:

Մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ ատենապետուհի Անգինէ Յակոբեան, որ մեծապէս գնահատելով վարժարանի տարեկան աշխատանքը՝ շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտը եւ ըստ տարիներու սովորութեան «Վարդիթեր Մկրտիչեան» ֆոնտէն յանձնեց անոր նիւթական պարգեւ մը, իսկ վարժարանի ուսուցչուհիները գնահատեց յատուկ նուէրներով:

Սրտի իր խօսքը փոխանցեց եւ վարժարանի միամեայ աշխատանքը գնահատեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արշօ Աւագեան:

Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեան եւս ելոյթ ունենալով, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ուսուցչուհիներուն, իրենց զոհողութեանց համար, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան, Ֆերահեանի Ազգ. վարժարանի տնօրէնութեան, Շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր նուիրեալներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին քաջալերեցին եւ օգտակար հանդիսացան ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանին:

Ներկաները նաեւ ուրախութեամբ տեղեկացան, թէ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը երկու խումբերով մասնակցած է ՀՕՄի վարժարաններու Խնամակալ մարմնի կազմակերպած 28 Ապրիլի Ընդհանուր զարգացման մրցումին: Կրտսերներու խումբը արժանացաւ Ա. մրցանակին, իսկ մեծերունը՝ երկրորդ:

Հանդէսը մեծ ուրախութեամբ եզրափակուեցաւ «Հայաստան» խմբային պարով, որուն մասնակիցները բեմէն վար իջնելով, միացան իրենց ծնողներուն եւ անոնց հետ միասնաբար պարեցին հայկական «Քոչարի»ն, տօնական մեծ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահէն ներս:

Գեղեցիկ այս ծրագիրին յաջորդեց աշակերտներու ծնողներու կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը: 2017-2018 տարեշրջանը փակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, իրարու մաղթելով ապահով եւ երջանիկ արձակուրդ:

Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն

Scroll Up