Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկու Հայ Երեսփոխան Կ’ունենայ. Կարօ Փայլանն Ու Մարգար Եսայեանը
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով խորհրդարանին մէջ 2 հայ երեսփոխան պիտի ըլլայ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ Տիարպեքիրի մէջ առաջադրուած հայազգի Կարօ Փայլան եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կողմէ Սթամպուլի 2-րդ ընտրատեղամասին մէջ առաջադրուած Մարգար Եսայեանը:
2015 թուականի նոյեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 3 հայ երեսփոխան կար` Կարօ Փայլանը, Մարգար Եսայեանը եւ քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Սելինա Տողանը: Վերջինիս թեկնածութիւնն այս ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը չէ առաջադրած:
Իր պատգամաւորական գործունէութեան ժամանակ Կարօ Փայլան մշտապէս բարձրաձայնած է հայ համայնքը յուզող հարցերը: Ան աչքի ինկած է Թուրքիոյ խորհրրադանին մէջ իր համարձակ ելոյթներով, որոնց մէջ բազմիցս բարձրաձայնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կոչ ընելով իշխանութիւններուն առերեսուիլ սեփական պատմութեան ու ընդունիլ սեփական յանցանքը: Պատգամաւորն անգամ համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած էր, որմով կը նախատեսուէր 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն: Առաջարկը մերժուած էր: Ան նաեւ պարբերաբար բարձրաձայնած է պոլսահայ համայնքին յուզող հարցերը, մասնաւորապէս Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրելու անհրաժեշտութեան հարցը: Խորհրդարանի ամպիոնէն ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար ան անգամ ենթարկուած է կարգապահական տոյժի: Բացի այդ, օրերս յայտնի դարձաւ, որ անոր դեմ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է: Հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած է անոր անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջագիր:
Ի տարբերութիւն Փայլանի` Եսայեան յայտնի է իշխանական շրջանակներուն հետ սերտ յարաբերութիւններով: 2015-ին ընտրուելէն ի վեր ան որեւէ հայամէտ նախաձեռնութեամբ աչքի չէ ինկած: Աւելին, 2016 թուականի յունիսին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ան Թուրքիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ կողմ քուէարկած էր բրիտանացի խորհրդարանական Ռոբերտ Ուոլթերի հակահայկական «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկոյցին, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ տապալած էր:
Այս ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի երկու թեկնածուներ` Լուտմիլա Պիւեովմը (Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն) եւ Էլմաս Կիրակոսը («Լաւ» կուսակցութիւն) նախնական արդիւնքներով խորհրդարանին մաս չեն կազմեր :
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէաթերթիկներու 92 տոկոսի հաշուարկի արդիւնքներով` իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը խորհրդարանէն ներս կ’ունենայ 295, Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը` 146, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը` 49, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը` 66, «Լաւ» կուսակցութիւնը` 44 պատգամաւորական պաշտօն: