Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդը Ընդունած Է Գամիշլիի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ուսուցչած Կազմը
Չորեքշաբթի , 20 Յունիս 2018-ի կէսօրէ ետք ժամը 5։00 ին, Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Գամիշլիի Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչած կազմը։ Հայերն այսօր-ը այս մասին կը տեղեկանայ Ճէզիրէի Հայ Գաղութը ֆէյսպուքեան էջէն:
Սոյն ժողովին նպատակն էր, թէ «Ինչպէ՞ս ծաղկեցնել Կիրակնօրեայ Վարժարանը , ինչպէ՞ս ներքին խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն ներշնչել մանուկներու սրտերուն մէջ, ինչպէ՞ս Աստուծոյ խօսքը աւելի մատչելի ձեւով բացատրել կիրակնօրեայ մանուկներուն» ։ Ապա արծարծուեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի ամառուայ ծրագիրներու եւ կայանալիք պտոյտներու ծրարը : Ի միջի այլոց յայտնենք թէ Մարիա և Եղնար Ադամեան քոյրերը որոնք իրենց մօր հետ պիտի մեկնին Շուէյտ, իրենց յարատեւ ներկայ ըլլալնուն համար ստացան մէկական Ժամագիրգ ձեռամբ Հայր Սուրբին :
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ առնուեցաւ յիշատակի խմբային նկար։