Փասատինայի Հայ Դատը Հիւրընկալեց Վանաձոր Այցելած Պատուիրակութիւնը
Նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, քաղաքին «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը՝ ի պատիւ անցալ տարի Վանաձոր այցելած Փասատինա-Վանաձոր քոյր քաղաքներու յանձնախումբի պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Թերի Թորնեքի։ Այցելութեան նպատակն էր հզօրացնել երկու քաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւնները։
Ընթրիքին ներկայ էին նահանգային, գաւառային եւ քաղաքային պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հայմայնքային եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տօնիկ Տօնապետեան բարի գալուտ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց օրուան հանդիսավարը՝ Փասատինայի քաղաքային համալսարանի հոգաբարձութեան ուսանող անդամ Էմըլի Էքշեանը։
Ապա հանդիսավարը ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ պաշտօնատարները եւ հիւրերը, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք կը զօրակցին Փասատինա եւ Վանաձոր քաղաքներուն միջեւ կապերու սերտացման։
Նշենք, որ Փասատինա-Վանաձոր քոյր քաղաքներու յանձնախումբը մէկ մասնիկն է Փասատինայի քոյր քաղաքներու յանձնախումբին, որ բաղկացած է կամաւոր անդամներէ։
Ձեռնարկին ընթացքին ոգեւորիչ ելոյթներ ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, քաղաքապետ Թերի Թորնեք եւ փոխքաղաքապետ Ճան Ճ. Քենետի, իսկ աւարտին, Հայ Դատի վարչութեան անդամ Ռիթա Ապաճեան բեմ հրաւիրեց Վանաձոր այցելած 23 հոգինոց պատուիրակութեան անդամները՝ գնահատագիրներ յանձնելով անոնց։
Այս առիթով, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալուիւն կը յայտնէ ընթրիքին համեղ ճաշերը եւ խմիչքներ տրամադրած Մարգար Պարպարեանին, «Վրէժ Փէյսթրի»ին եւ «Ռեմըտի Լիքէօր» հաստատութեան, ինչպէս նաեւ գնահատագիրները տպած «Քալըր Տաթց Փրինթինկ» հաստատութեան։