Քեսապահայութիւնը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Յիշատակեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 100-Ամեակը

Գանձասար- Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինին, կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք համայնքներուն, Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2018-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին եւ Քեսապի ազատագրման 4–րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ գիւղի հոգեւորական պետերուն, միութիւններու վարչութիւններուն եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Արա Քէշիշեան։ Ան շեշտեց, որ Քեսապը Կիլիկիոյ մէկ մասնիկն է, անոր բնակչութիւնը ենթարկուած է թալանի եւ տեղահանութեան, սակայն կրցած է գոյատեւել ու փաստը` այսօրուան մեր հաւաքն է:

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր մեներգ՝ «Հայոց Լեզուն», կատարողութեամբ երէցկին Սեդա Շաքարեան-Զերենցեանի, ասմունք` Անդրանիկ Ծառուկեանի «Տապանակ Ուխտի»ն, կատարողութեամբ Վարսենիկ Կարպուշեան-Մահշիկեանի, տեսերիզի ցուցադրութիւն, նիւթ՝ «Մայիս 28», Քեսապի բարբառով ասմունք, կատարողութեամբ Ժիրայր Թրթռեանի, խմբային պար, խմբերգներ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պատուելի Ժիրայր Ղազարեանի:

Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան:

Ան տպաւորիչ կերպով ներկայացուց օրուան խորհուրդը ու ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի թշնամին նոյնն է, սակայն հայ ժողովուրդը այնպիսի ժողովուրդ մըն է, որ իր կրած բազում կորուստներէն ետք կրնայ վերականգնիլ եւ վերագտնել իր ուժը:

«Այդ օրհասական եւ դժուար օրերուն, Արամ Մանուկեան կրցաւ ժողովուրդը միացնել եւ միասնակամ առաջնորդել դէպի անկախութիւն: Մեր հերոսները յաղթեցին մահուան: Անոնք հսկայական զոհողութիւններով կերտեցին անկախ հայրենիք եւ պետականութիւն:

«Բի՜ւր յարգանք Մայիս 28-ը կերտող հերոսներուն»:

Ձեռնարկի աւարտին, ջերմ մթնոլորտի մէջ, ներկաները պարեցին Քեսապի շուրջպարը՝ «Կերմեր Ֆսթան»ը, աշուղ Ժիրայր Թրթռեանի երգեցողութեամբ եւ հիւրասիրուեցան Քեսապի աւանդական «Բկեղ»ով:

Scroll Up