Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակի Տօնակատարութիւն Փարիզի մէջ

Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան*
«Ո՛վ իմ անձս, օրհնաբանէ՛ Տէրը, եւ ամէն ինչ որ իմ ներսս է՝ անոր սուրբ անունը,
Ո՛վ իմ անձս, օրհնաբանէ՛ Տէրը, ու մի՛ մոռնար անոր բոլոր երախտիքները» – Սաղմ. 103. 1-2։
9 եւ 10 Յունիս 2018‐ին, Աստուծոյ ժողովուրդը անմոռանալի տօնական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ։ Սիտնիէն եւ Պէյրութէն ետք, Փարիզն (Իսի լէ Մուլինօ) էր որ տօնեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակը։ 48 ժամուան մէջ չորս կարեւոր դէպքեր պատահեցան։
ՇԱԲԱԹ ԱՌՏՈՒ – Ծանօթացում
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանի եւ Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի ներկայութեան, Շաբաթ Յունիս 9-ի առաւօտը յատկացուեցաւ Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կեանքը ներկայացնելու՝ Մարսէյլէն Փարիզ գտնուող 10 համայնքներուն կողմէ։ Յետոյ կարգը եկաւ 6 ընկերակցութիւններու.– Լա Ֆոնթանէլ, Լա Սուրս, Յոյս Հայաստանի Համար, Միսիոնարական Յանձնախումբ, Բանբեր պարբերաթերթ եւ Երիտասարդաց միութիւն։
Իւրաքանչիւր հովիւ կամ պատասխանատու ներկայացուց իր եկեղեցիին կեանքը կամ ընկերակցութեան առաքելութիւնը՝ համակարգչային կամ շարժապատկերային ցուցադրութեամբ՝ եւ Աւետարանչականի պատասխանատուները հետաքրքրութեամբ իրազեկ դարձան Ֆրանսայի Միութեան ճոխ ու բազմազան կենսունակութեան։
ՇԱԲԱԹ ՅԵՏ ՄԻՋՕՐԷ – Եւրոպայի Հայ Աւետարանական Համախմբում
Այս հանդիպումը Աւետարանչականի պատասխանատուներուն ծանօթացուց Եւրոպայի Հայ Աւետարանական Համախմբումին պատգամաւորները, որոնք եկած էին Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն եւ Պուլկարիայէն։ Միայն կը բացակայէին Թուրքիոյ պատգամաւորները։
10 տարիներու թմբիրէ ետք, այս Համախմբումը նոր մեկնարկ մը ապրեցաւ։ Ամէն պատասխանատու ներկայացուց իր տեսիլքը, գործունէութիւնը եւ իր երկրին կարիքները։ Խորունկ փափաք մը արտայայտուեցաւ՝ աշխուժացնելու այս եղբայրական կապերն ու գործակցութիւնը։ Հետեւեալ դիւանը նշանակուեցաւ.–
Նախագահ՝ Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան,
Փոխ-Նախագահներ՝ Վերք. Պետրոս Ալթունեան (Պուլկարիա) եւ Սարգիս Փաշայեան (Պելճիքա),
Քարտուղար՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան,
Գանձապահ՝ Աւետարանչականի ներկայացուցիչ մը։
Այս յանձնախումբին պաշտօն տրուեցաւ մէկ տարուան մէջ իւրաքանչիւր երկրի պէտքերը քաղելու, նաեւ գործնական առաջարկներ ընելու՝ կապերը սերտացնելու եւ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու համար, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին պատգամը հասնի Եւրոպայի հայերուն։
ՇԱԲԱԹ ԵՐԵԿՈՅ – Կոչունք՝ տօնելու Աւետարանչականի 100‐ամեակը եւ Իսի լէ Մուլինոյի Եկեղեցիին 90‐ամեակը
Շուրջ 300 հոգիներ հաւաքուած էին Իսիի Արուեստի եւ Համագումարի Պալատը՝ հաճելի տօնախմբութեան մը համար։
Միացեալ Նահանգներէն ու Եւրոպայէն շատ մը հրաւիրեալներ ներկայ էին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Միութեան բոլոր հովիւները՝ իրենց հոգաբարձուներէն ոմանց հետ։
Պատուոյ հիւրերուն մէջ կը գտնուէին Տիար Անտրէ Սանթինի՝ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետը, Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեան՝ Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդը, Տիար Յովհաննէս Գէորգեան՝ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, Հայաստանի Դեսպանատան դիւանապետը, եւ Վեր. Էթիէն Լերմընօ՝ Ֆրանսայի Աւետարանականներու Ազգային Խորհուրդի նախագահը։
Նախ խօսք առաւ Վեր. Յովէլ Միքայէլեան, յիշեցնելով թէ երեկոյթին նպատակն է դադարի մը ընթացքին մտածել մեր կեանքի իմաստին մասին՝ Աստուածաշունչի լոյսին տակ։ Յետոյ Տոքթ. Տարագճեան եւ Տիար Խանճեան պարզեցին Աւետարանչականի պատմականը, նշանակէտերն ու ծրագրերը 100 տարիներէ ի վեր՝ Սփիւռքի 24 երկիրներու մէջ։ Այս գործունէութիւնը ծնունդ առած է 7 Յունիս 1918‐ին, 1915‐ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն նիւթական ու հոգեւար կարիքները գոհացնելու համար։ Իսկ 1988‐ի երկրաշարժէն ետք, Աւետարանչականի օգնութեան պիւտճէին կէսը կը յատկացուի Հայաստանին։
Աւետարանչականի կենսունակութիւնը պատկերազարդուեցաւ շարժանկարով մը՝ որ ցոյց կու տար իր ընկերային, մարդասիրական, դաստիարակչական, մշակութային ու հոգեւոր գործունէութիւնները։
Իսի լէ Մուլինոյի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին 90 տարիներու պատմութիւնը եւ վկայութիւնը ցուցադրուեցան լսատեսողական ձեւակերպումով։ Գեղարուեստական բաժինը կատարուեցաւ երկու գեղեցիկ ձայներու ունկնդրութեամբ։ Թամար Ալպարեան եւ Գամիլ Գուզունճեան մեզի հրամցուցին հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն երգեր։Եկեղեցիներուն եւ Ընկերակցութիւններուն կողմէ 10,000 եւրոյի վճարագիր մը յանձնուեցաւ Աւետարանչականին, որպէս մասնակցութիւն Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիին վերաշինութեան։
Ստուարաթիւ հանրութիւնը զգացուեցաւ եւ հիացաւ երեկոյթի յայտագրին բազմազան երեսակներուն վրայ, որ աչքառու էր իր հարազատութեամբ եւ յորդառատ կարեկցութեամբ։
ԿԻՐԱԿԻ ԺԱՄԸ 10.30‐ԻՆ – Գոհաբանական պաշտամունք
Իսի լէ Մուլինոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ կայացաւ այս պաշտամունքը, որուն նպատակն էր տօնախմբել Աստուծոյ բարութիւնն ու հաւատարմութիւնը անցած 100 տարիներու ընթացքին՝ Աւետարանչականին հանդէպ, եւ 90 տարիներուն՝ Իսիի Եկեղեցիին հանդէպ։
Վեր. Յովէլ Միքայէլեան՝ Իսի լէ Մուլինոյի Եկեղեցիի հովիւը՝ նախագահեց պաշտամունքը։ Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան՝ հայերէն պատգամ տուաւ, իսկ Վեր. Յակոբ Չողանճեան՝ Ֆրանսայի Միութեան Նախագահը՝ ֆրանսերէն։ Շրջանային երգչախումբը, Երիտասարդաց փառաբանութեան խումբը եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները վարեցին երգեցողութիւնը եւ երաժշտական բաժինը՝ ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ։
Իսիի նախկին հովիւներուն եւ Աւետարանչականի պատասխանատուներուն կողակիցները հոյակապ ծաղկեփունջեր ստացան՝ առ ի երախտագիտութիւն իրենց մատուցած ծառայութեան։
Սոյն գոհաբանական պաշտամունքը աւարտեցաւ Ֆրանսայի Միութեան հովիւներուն եւ Տոքթ. Տարագճեանի ու Տիար Խանճեանի մաղթանքներով, յորդորներով եւ աղօթքներով։ Ապա յոտնկայս երգուեցաւ փառաբանութեան հանդիսաւոր երգը. «Փա՜ռք եւ պատիւ ու զօրութիւն Հօրն ու Որդւոյն եւ Ս. Հոգւոյն»։ Աւանդական ընտանեկան լուսանկարէն ետք՝ հրաւիրեալներն ու հաւատացեալները հիւրասիրուեցան եկեղեցիին պարտէզին մէջ։ Բոլորին դէմքերուն վրայ կը նշմարուէր եւ խօսակցութիւններէն կը լսուէր անմոռանալի շաբաթավերջի մը մասնակցած ըլլալու ուրախութիւնը։
*Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն՝ Տօքթ. Արի Թօփուզխանեան