Մաստրիխտի Հայաստանցի Սուրբը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/06/սերվանտիոս.jpg)
Երբ առցանց «Հայերն այսօր»-ի մէջ կարդացի, թէ «2018-ի մայիս 24-էն յունիս 3 Մաստրիխտի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի ամէնամեայ «Սուրբ տաճարը բանալու փոխադրման երթի» 55-րդ արարողութիւնը, որուն ըստ նախնական տեղեկութիւններու պիտի մասնակցէին աւելի քան հարիւր հազար ուխտաւորներ», մտքովս ալ չանցաւ, թէ ատոր առաւել տպաւորիչ մասի ականատեսը կ՛ըլլամ: Ես ուխտաւոր չեղայ, տեղեակ ալ չէիՙ ուր կ՛երթամ: Անկեղծ խօսքովՙ հիմա ալ չեմ հասկնար, թէ այսքան գունեղ, Եւրոպայի մեծ հատուածի, քաղաքի մը կեանքին մէջ այսպէս դրոշմ ու կնիք դարձած հայրենակցիսՙ Սերովբէ-Սերվաս-Սերվատիուսի յաւիտենական ներկայութեան մասին ինչպէ՞ս մինչեւ հիմա չեմ իմացած: Ինչու՞ մամուլն ու հեռուստատեսութիւնը այնպէս չեն պատմած հայկական այս հետքի մասին, որ մեր ճանչցած հոլանտական Մաստրիխտը հայերուս համար ալ յիշողութիւն դարձած է իր համալսարանով եւ, որ առաւել յայտնի է, Մաստրիխտեան պայմանագրով, որ 1992-ի փետրուար 7-ին դարձաւ ԵՄ հիմնաքարըՙ սկիզբ դնելով եւրոպական ընդելուզման: Այնինչ Հոլանտայի Լիմբուրգի նահանգի մայրաքաղաքը, որուն Հին քաղաք անուանեալ թաղամասին մէջ կը հաստատուի պատմական այն տեղեկութիւնը, թէ Եւրոպայի հին քաղաքներէն է, նոյնքան հաստատուն, դարեր ի վեր դէպի իր կեդրոն կը գրաւէ հազարաւոր մարդոց, որ կը հաւատան, թէ Հայաստանէն, ոմանց համոզմամբՙ Վանէն, 4-րդ դարուն Եւրոպայի այս ափեր հասած, Քրիստոսի ուսմունքն ու հաւատը քարոզելու առաքելութիւնը ստանձնած հայ հոգեւորական Սերվատիուսն այնքան զօրաւոր սուրբ է, որ իրենց ցաւերուն այսօր ալ պալասան կ՛ըլլայ, եթէ գերեզմանին հպուին:
Յունիս 2-ին Քեոլնէն Մաստրիխտ հանրակառքով մօտ մէկ ժամ տեւող ճանապարհին կը թուէր մռայլ ամպերու կարը ուր որ է կը քանդուի, ու անձրեւը չի խնայեր նոյնիսկ անոնց, որ մայիսեան արեւառատ օրերուն ալ անձրեւանոցը չեն մոռնար, բայց ոչ ճանապարհին, ոչ ալ առաւել եւս Մաստրիխտի մէջ ողջ օրն անձրեւ չեկաւ: Երկինքը լոյսի չափաբաժինն այնպէս բաշխած էր, որ նշածս քաղաքի փողոցներուն մէջ սուրբ Սերվատիուսի պատկերով դրօշակներու առատութիւնն աննկատ չմնայ: Մոխրագոյն ու սպիտակ շէնքերու, ատոնց բակ-պարտէզներուն մէջ նարդոսի բաց թանաքագոյնի առատութեամբ գծագրուող Մաստրիխտը մէկ շաբաթ շարունակՙ մայիսի 27-էն յունիս 3 կը տօնէ սուրբ Սերվատիուսի յիշատակութիւնըՙ տարբեր երկիրներէ ուխտի եկած հաւատացեալ քրիստոնեաներ հիւրընկալելով: Չորրորդ դարուն՝ 354-ին, քրիստոնէութեան լոյսը Հոլանտա, որոշ տպագիր աղբիւրներու պնդմամբՙ 384-ին նաեւ Պելճիգա հասցուցած հայ հոգեւորական Սրբատիոս-Սերովբէի կամ, ինչպէս հոլանտացիները զինք կ՛անուանեն, սինտ Սերվասի յիշատակութեան օրը մայիսին է, կը նշուի ամէն տարի, իսկ 7 տարին անգամ մըՙ այն կը վերածուի մեծ տօնի, ուխտագնացութեան: Ըստ գրաւոր աղբիւրներու, 1496 թուականին, օրինակ, յայտնի է, թէ 100 000 ուխտաւոր մասնակցած է իր կենդանութենէն ի վեր սիրելի դարձած 384 թուականի մայիս 13-ին մահկանացուն կնքած սուրբի յիշատակութեան տօնին:
Մաստրիխտի զբօսաշրջային ուղեցոյցներուն մէջ երկու տեսարժան վայր հէնց այս սուրբի անունով կը կոչուին տաճարը եւ կամուրջը: Թէպէտ Մաաս գետի երկու ափերն իրար կապող, հռոմէացիներու կառուցած, Մաստրիխտի ամենագեղեցիկ քարէ կամուրջը 13-րդ դարու թուագրումն ունի, սակայն սինտ Սերվասբրուգՙ սուրբ Սերվատիուսի կամուրջ անուանումը ստացած է 1930-ին: Քաղաքի խորհրդանիշ այցեքարտն է, զբօսաշրջային ուղեցոյցներուն մէջ այն կը համեմատուի Փարիզի Էյֆելեան աշտարակին հետ: Քաղաքի բնակիչները համոզուած են, որ այն Հոլանտայի ամենահին կամուրջն է:
Սերվատիուսի գերեզմանին վրայ Մաստրիխտի մէջ կառուցուած է Նիտեռլանտներու թագաւորութեան ամենահին եկեղեցին: Աւանդութեան համաձայնՙ Սերվատիուսն Մաստրիխտի առաջին եպիսկոպոսը եղած է, դեռ անոր կենդանութեան օրօք, 4-րդ դարուն, քաղաքին մէջ քարէ փոքր եկեղեցիներ կառուցած են, հաւատացեալներ խմբուած են անոր շուրջ, իսկ սուրբի մահուընէ ետք անոր թաղման վայրին մէջ սկիզբը մատուռ կառուցած են, այնուհետ աստիճանաբարՙ քար քարի վրայ դնելով բարձրացուցած են այսօրուան շքեղ ճարտարապետական կոթողը: Սուրբ Սերվատիուսի բազիլիկը բառերս կը ճշդէՙ ռոմանական, գոթական, այլ ոճերու համադրութեամբ այս հսկան բազմած է Մաստրիխտի կեդրոնին մէջ ու… գրաւիչ: Հէնց աչքդ նկատեց այդ գեղեցկութիւնը, քարերու տաք գոյնն ալ հանգիստ չի տար, կը փարուի ներսիդ հետաքրքրասէր բջիջներուն ու կը խոստանայ խորհրդաւոր բացայայտում մը: Մինչ տաճար մտնելը կանգառ մը այդուհանդերձ կ՛ընես. 2016-ի մայիսին մեծ հանդիսաւորութեամբ եկեղեցւոյ պատին յարող տարածքին մէջ բացուեցաւ Սերվատիուսի յիշատակին նուիրուած հայ-հոլանտական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարը: Զբօսաշրջիկ, թէ ուխտաւոր, տարբերութիւն չկայՙ բոլորը պահ մը կը կանգնին, կը կարդան խաչքարի մակագրութիւնը, այնուհետ նկատելի երկիւղածութեամբ կը մօտենան տաճարի դրան:
Մինչ այնտեղ հասնիլը պատահական անցորդի մը ցոյց կու տամ Սերվատիուսի պրոնզէՙ չափերով ոչ այնքան տպաւորիչ արձանն ու կը հարցնեմՙ «Ո՞վ է, ի՞նչ կ’ըսէք»: «Հայաստանէն Հոլանտա եկած հոգեւորական է, մեր սուրբն է, քրիստոնեայ դարձած ենք անոր շնորհիւ, կը բացատրէ 50-ի մօտ տղամարդ մը ու հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի տաճարըՙ «ներս մտէք, այսօր բացառիկ պատարագ պիտի տրուի այնտեղ»: Հրապարակին վրայ եկեղեցին շատ տպաւորիչ է, իսկ մուտքը նոյն բառով չես նկարագրեր, աւելի ստոյգՙ հրապարակէն կտրող ծածկարան մըն է, որուն ներսը այնպիսի լռութիւն է, որ կը թուիՙ կողքդ խօսին թէ երգեն, միեւնոյնն է, լռութեան քղանցքը չի պատռեր: Իւրաքանչիւր քայլիդ հետ կը խորանայ այն միտքը, թէ 21-րդ դարու հետ կապդ կը կտրուի: Շատ խնամուած տարածք է, յատակի սալերն ալ, նստարաններն ալ մաքուր բառէն անդին կը սահին, երբ փոշեհատիկներէն սրբուած կամՙ սուրբ բառի սահմանին մերձ կը ներդաշնակեն այն միջավայրին, ուր սուրբի մասունքները ի պահ դրուած են ոսկետուփ պահոցի մէջ: Այն անշարժ կը հսկեն 4 հոգեւորականներՙ մուգ կարմիր եկեղեցական շապիկին վրայէն սեւ գոգնոցանման վերնահագուստն այնպէս թաքցուցած է իւրաքանչիւրիՙ թեւերն իրար ագուցած կանգնելաձեւը, որ կը թուիՙ արմունկն 90 աստիճան ծալած ծնած են: Պատարագը դեռ չէ սկսած:
Աստիճանները դէպի ներքեւ կ՛ուղղորդեն շատերուն: Երկաթեայ փակուող դրան փեղկը բաց է, կին մը կը հսկէ մուտքը: Աչքս քարէ գետինը կը գրաւէ ՙ երկու ոտնաչափ տարածք խոր փոս ինկած է, մաշուած ուխտաւորներու ծնրադրումէն: Երբ հսկիչը հաստատեց միտքս, համարձակութիւն ունեցայ եզրայանգում մը ընելՙ պատին փակցուած միակ իրըՙ երկնագոյն-սպիտակ նախշազարդ գաւազանը, որ իրականութեան մէջ ցուպ է ու Սերվատիուսի քայլը չափելէ աւելին անոր ձեռքի, մատներու հպումը կցած են վրան, սուրբէն սովորական մահկանացուներուս տեսանելի միակ «առարկան», մասունքն է: Միւս մասունքները, որ անթեղուած են դրուագուած ոսկէ պահարանի մէջ, եւ յիշատակութեան օրերուն, ինչպէս յունիսի 2-ին տեսանք, առանձնակի արարողակարգ սահմանելով կը յայտնուին տաճարի կեդրոնին, փակ կը պահուին: Սովորական մեր տեսողութեամբ անմեկնելի է ծանր ու հաստատուն գերեզմանաքարի տակ ննջող հոգեւորականի աճիւնը տեսնելը: Հոգիի աչքերով դիտելու կարող մարդոց շարանն անմիջապէս կը տարբերակուիՙ հեռու են մոլեռանդութենէնՙ անոնց ծնրադրելու, հպուելու, գոհունակ ժպտելու բնական ընթացքը մոգական տպաւորութիւն կը ձգէ: Անոնք 21-րդ դարուն ալ դեռ կը հաւատան, որ Հայաստանէն այս եզերքը եկած սուրբն իրականութեան մէջ կը լսէ իրենց աղօթքի լուռ ձայնը, իրենց շշունջը, անոր զօրաւոր բժշկելու հրաշքին կը սպասեն:
ԱՆԱՀԻՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ, Մաստրիխտ, Հոլանտա
azg.am