Սփիւռքը Հայաստանի Տրոփիւն Ու Զգայուն Զարկերակն Է. Սիլվա Եուզբաշեան

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը,յունիս 12-ին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ հիւպատոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան «Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթափլեան» կրթական մշակութային կեդրոնի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի  ունեցած է ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի, ասմունքող Սիլվա  Եուզբաշեանի գրական-գեղարուեստական  երեկոն` նուիրուած Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 95-ամեակին եւ Համօ Սահեանի մահուան 25-րդ տարելիցին: Ասմունքէն բացի, ան հանդիսատեսին ներկայացուցած է նաեւ վերյուշեր, հետաքրքիր դրուագներ մեծանուն բանաստեղծներու կեանքէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով երեկոյի կազմակերպիչներուն եւ ամերիկահայ հանդիսատեսին ջերմ ընդունելութեան համար` Սիլվա Եուզբաշեանն իր տպաւորութիւններուն մասին գրառում  կատարած է իր դիմատետրին վրայ. «Սիրելինե՛րս, ձեր աչքերու ժպիտն ու թախիծը, կարօտն ու ջերմութիւնը հոգիիս մէջ առած`  քանի մը օրէն կը վերադառնամ տուն: Կրկին համոզուեցայ, որ այսօրուան Սփիւռքը Հայաստանի տրոփիւն ու զգայուն զարկերակն է, ամէն անգամ Սփիւռքի դահլիճներուն մէջ ելոյթներէս ետք նոյն հարցը ինքզինքիս կու տամ ` արդեօք կայ մէ՞կ այլ ժողովուրդ, որ լեցուն սրահի մէջ, ժամերով համակ լսողութիւն դարձած, բեմին  միայնակ կանգնած` ասմունքողի շրթունքներէն արձակ եւ բանաստեղծական խօսք լսէ․․․»:

Scroll Up