Հայկական Պուրակ Պոսթընի Կեդրոնին ՄԷջ. տեսանիւթ

Պոսթընի կեդրոնը գտնուող Հայկական մշակութային ժառանգութեան պուրակը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պուրակի ճարտարապետ Տոնալտ Տելալեանի խօսքով` այն կը խորհրդանշէ հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կիսուած հայ ժողովուրդը:

Ժողովուրդի երկու մասնիկներն անընդհատ կը փորձեն վերամիաւորուիլ ստեղծելով նոր ներդաշնակութիւններ: Իւրաքանչիւր տարի արձանի երկու մասնիկները կը վերամիաւորուին նորովի:

2012-ին բացուած հայկական պուրակը կառուցուեցաւ այն ատեն, երբ Պոսթընի հիմնական մայրուղին տեղափոխուեցաւ քաղաքի տակը փորուած թունել: Ազատուած տարածքը որոշուեցաւ կանաչապատել, ատոր մէկ մասն ալ փոխանցուեցաւ հայ համայնքին` պուրակ հիմնելու նպատակով:

«Մեզի անհրաժեշտ էր գծագրել պուրակ, որմով կը յարգուէր Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր միւս ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը, սակայն,  իմաստը հասկնալի կ՛ըլլար բոլորին: Չէ՞ որ բոլորիս նախնիներն Ամերիկա  ժամանած էին որպէս ներգաղթեալ»:

Արձանէն արցունքներու նման թափուող ջուրը, որ այնուհետեւ կը վերամիաւորուի լաբիրինթոսի կեդրոնին, կը խորհրդանշէ կեանքի շարունակական ընթացքը: Ինչ կը վերաբերի լաբիրինթոսին, ապա այն իր գաղտնիքներէն մէկն է: «Որպէսզի պուրակն իսկապէս սիրեն երեխաները, այն ծառերու, մարգագետիններու ու նստարաններու հետ միասին պէտք է գաղտնիքներ պարունակէ», – Ամերիկայի ձայնի հետ զրոյցին կը նշէ ճարտարապետը:

Պուրակի մասին պատմելուս` Տոնալտ Տելալեան անընդհատ զրոյցի թեման կը տանի դէպի Հայաստան: Պատմական հայրենիք, ուր տիկնոջ հետ միասին եկած է արդէն երեք անգամ: Վերջին այցին ընթացքին որոշած էին Հայաստան տանիլ ութ թոռներէն չորսը: Կ՛անհանգստանային, որ պատմական հայրենիքը թերեւս երիտասարդները  չսիրեն: Ուրախ էին, որ սխալեցան.

«Անոնք սիրահարուեցան Հայաստանին, պարզապէս սիրահարուեցան: Չնայած տնտեսական դժուարութիւններուն, Երեւանը կարծես փոքրիկ Փարիզ ըլլայ. կրնաս ուշ երեկոյեան դուրս գալ եւ վայելել շատրուանները, երաժշտութիւնը, զբօսնել միւս ընտանիքներուն հետ: Եւ ահա հիմա մեր դստեր չորս երեխաները կը պահանջեն մեզմէ իրենց նոյնպէս Հայաստան տանիլ: Այնպէս որ, յաջորդ տարի կրկին պիտի մեկնինք»:

Մեր հարցին, թէ արդեօք հնարաւոր է, որ օր մը իր արձանը կրկին վերամիաւորուի իր սկզբնական տեսքով, Տոնալտ Տելալեան բացասաբար կը պատասխանէ` չէ որ այն կը խորհրդանշէ հայրենիքը լքած ժողովուրդներու բոլոր սերունդները:

«Վերջապէս, համաձայնէք, վերամիաւորման նոր տարբերակները նոյնպէս շատ գեղեցիկ են»:

 

Scroll Up