Վարչապետ Փաշինեանի Մասնակցութեամբ Մոսկուայի ՄԷջ Բացուած Է Մարշալ Համազասպ Բաբաջանեանի Կիսանդրին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Մոսկուայի Հայրենական Մեծ պատերազմի կեդրոնական թանգարանին մէջ բացուած է Խորհրդային միութեան հերոս, ԽՍՀՄ զրահատանկային զօրքերու գլխաւոր մարշալ Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Վարչապետը նշած է, որ իւրայատուկ հպարտութեամբ կը գտնուի համատեղ պատմութեան` Հայրենական Մեծ պատերազմին նուիրուած թանգարանին մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան անունով յարգանքի տուրք մատուցելու Համազասպ Բաբաջանեանի յիշատակին: «Համազասպ Բաբաջանեանի անունը պատուաւոր տեղ կը զբաղեցնէ խորհրդային խիզախ հրամանատարներու շարքին: Ողջ պատերազմի ընթացքին Բաբաջանեանը գլխաւորելով զրահատանկային զօրքերը` եղած է առաջնագիծին վրայ, ազատագրած հակառակորդի վերահսկողութեան ներքոյ գտնուած քաղաքներ: Կուրսկի ճակատամարտէն մինչեւ Պեռլինի ճակատամարտ հայ ժողովուրդի մեծ զաւակը դրսեւորած է նուիրուածութիւն եւ հերոսութիւն, դարձած Մեծ Հայրենականի զրահատանկային լաւագոյն հրամանատարներէն մէկը: Բաբաջանեան կռուած է սուվորովեան ոճով, ոչ թէ թուաքանակով` այլ խելքով: Կը ցանկամ յատուկ ընդգծել, որ մարշալ Համազասպ Բաբաջանեանի անունը գրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ` հայրենիքի համար պայքար մղած քաջ մարտիկներու անուններու կողքին, որոնք եղած են Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի ճակատամարտերու մասնակիցները, որոնց 100-ամեակը Հայաստանը նշած է նախորդ ամիս»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետի խօսքով` այն, որ այս թանգարանին մէջ կը բացուի մարշալ Բաբաջանեանի յուշարձանը եւ նախորդ տարուան ընթացքին այստեղ տեղադրուած է մարշալ Բաղրամեանի կիսանդրին` կը վկայէ, որ Հայաստանը եւ Ռուսաստանը ոչ միայն յարգանքի տուրք կը մատուցեն Հայրենական Մեծ պատերազմի մեծանուն հրամանատարներուն, այլ նաեւ անոնց մասին յիշողութիւնը փոխանցելով սերունդէ սերունդ: «Մեծ Հայրենականը եղած է ծանր փորձութիւն Խորհրդային միութեան ազգերուն համար, ներառեալ` հայ ժողովուրդի: Ճակատէն չի վերադարձած բանակ զօրակոչուած իւրաքանչիւր երկրորդ հայ, ներառեալ` իմ պապը, որուն անունն ու ազգանունը կը կրեմ: Մեր պարտքն է` պահպանել եւ երիտասարդ սերունդներուն փոխանցել այդ աննկարագրելի հերոսութեան մասին պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ընել ամէն հնարաւոր բան` մեր երկիրներու բարգաւաճումն ապահովելու համար: Այսօրուան ձեռնարկը  նաեւ մեր յարգանքի տուրքն է Հայրենական Մեծ պատերազմի թանկագին վետերաններուն, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական բարեկամութեան, փոխօգնութեան եւ համերաշխութեան խորհրդանիշը»,- ըսած է վարչապետը:
Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրիի հեղինակն է Աշոտ Թադեւոսեան:

 

Scroll Up