Հայրենադարձութեան Ծրագիրին Նոր Թափ Պիտի Հաղորդուի

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Յունիս 13-ին, քաղաքաշինութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարներուն ուղեկցութեամբ, աշխատանքային առաջին այցը կատարած է Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւ, ապա՝ Հադրութի շրջանի Արաքսաւան բնակավայր: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Այցին սկիզբը՝ Գ․ Մարտիրոսեան այցելած է Բերձորի մէջ կառուցուող շրջանային բազմաբնոյթ հիւանդանոցի շինարարական հարթակ, ծանօթացած կատարուող աշխատանքներուն: Կարեւոր համարելով շրջկեդրոնի եւ շրջակայ համայնքներու բնակչութեան առողջապահական հարցերու լուծման համար հիւանդանոցի նոր շէնքին կառուցումը՝ պետական նախարարը քաղաքաշինութեան նախարարը յանձնարարած է հնարաւորինս կարճ ժամկէտներու մէջ աւարտել շինարարական աշխատանքները:
Այնուհետեւ, Գ. Մարտիրոսեան այցելած է շրջանի հարաւային թեւի՝ վերջերս տեղացած կարկուտէն ամբողջովին վնասուած հացահատիկային մշակաբոյսերու դաշտեր եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով Իշխանաձոր համայնքին մէջ մշակուող տնտեսութիւն, ուր շուրջ 40 հեկտարի վրայ կ՝աճեցուին բանջարեղէնային մշակաբոյսեր: Անդրադառնալով մօտ 70 աշխատատեղ ապահովող այս տնտեսութեան գործունէութեան՝ պետական նախարարը յորդորած է շարունակել աշխատանքները նոր թափով։
Իշխանաձորի մէջ՝ Գ․ Մարտիրոսեան այցելած է «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի եւ կառավարութեան համատեղ աջակցութեամբ կառուցուող նոր թաղամաս, ուր աւարտին կը մօտենայ վերաբնակիչներուն համար նախատեսուած 50 առանձնատուներուն շինարարութիւնը: Պետական նախարարը ծանօթացած է նոր բնակարաններու պայմաններուն եւ շեշտած, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: Անոր խօսքերով՝ հայրենադարձութիւնը Արցախի իշխանութիւններու ուշադրութեան առարկան է, եւ առկայ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ, տարուէ տարի անոր պիտի հաղորդուի նոր թափ:
Պետական նախարարը ծանօթացած է նաեւ համայնքին մէջ կառուցուող թռչնաբուծական գործարանի աշխատանքներուն, հետաքրքրուած ծրագիրին մեկնարկով եւ ստեղծուելիք նոր աշխատատեղերով:
Այցին ծիրէն ներս՝ Գ. Մարտիրոսեան գացած է Իշխանաձորի միջնակարգ դպրոց, հանդիպած աւարտական քննութեան մասնակից աշակերտներուն եւ յորդորած ապագայ մասնագիտութիւններու ընտրութեան հարցով գիտակցուած որոշում կայացնել:
Իշխանաձորի մէջ, պետական նախարարը նաեւ անցուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ շրջանի հարաւային թեւի համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Անդրադառնալով կարկտահարութեան հետեւանքով տուժած հողօգտագործողներու խնդիրին՝ Գ. Մարտիրոսեան նշած է, որ յառաջիկային պիտի իրականացուին քննարկումներ, որոնց ընթացքին հաշուի պիտի առնուին նաեւ հողօգտագործողներու կարծիքները, եւ որոշում պիտի կայացուի պետական աջակցութեան ձեւի ու չափի մասին: Պետական նախարարը հաւաստիացուցած է, որ բնակարաններու վերանորոգման համար պետական աջակցութեամբ յատկացուող շինանիւթերու ծրագիրը յառաջիկային աւելի պիտի կանոնակարգուի, պիտի մեծցուին տրամադրուող շինանիւթի ծաւալները։
Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ եղած է շրջանի համայնքներուն մէջ իրականացուող գիւղատնտեսական եւ քաղաքաշինական այլ հարցերու։
Օրուան երկրորդ կիսուն՝ պետական նախարարը ուղեւորուած է Հադրութի շրջանի Արաքսաւան բնակավայր: Գ. Մարտիրոսեան, տեղւոյն վրայ, ծանօթացած է վերաբնակիչներու համար տեղադրուած ժամանակակից կահաւորումով նոր տնակներու տեղադրման ընթացքին, համայնքին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն եւ խոստացած, որ բնակավայրին նկատմամբ պետական ուշադրութեան պակաս պիտի չըլլայ:
Հադրութի շրջանին մէջ Գ. Մարտիրոսեան այցելած է նաեւ հացահատիկային մշակաբոյսերու ընդունման համար կառուցուող պահեստ: