ՀՀ Վարչապետն Այցելած Է Մոսկուայի Հայկական Եկեղեցի

Երկօրեայ աշխատանքային այցով Մոսկուա ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յունիս 14-ին այցելեց Մոսկուայի հայկական եկեղեցական համալիր: Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս Սրբազանի եւ հոգեւոր դասի ուղեկցութեամբ հիւրերն այցելեցին Ս․պայծառակերպութիւն Մայր տաճար, մոմ վառեցին, աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան ու Մայր հայրենիքի բարօրութեան համար: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, հիւրերը այցելեցին նաեւ եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ գործող «Տապան» թանգարանը: Թեմակալ առաջնորդը ներկայացուց հայ նշանաւոր նկարիչներ Յովհաննէս Այվազովսկիի, Մարտիրոս Սարեանի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Մինասի եւ այլոց կտաւները, եկեղեցական սրբազան մասունքները, խաչերը, մագաղաթեայ Սուրբ գիրքերը, որոնք խնամքով կը պահուին թանգարանին մէջ` որպէս համաշխարհային նշանակութեան մշակութային եւ հոգեւոր գանձեր:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հետաքրքրութեամբ դիտեց եւ փորձարկեց համակարգիչներու միջոցով ցուցադրուող հայագիտական գրականութիւնը: Հիւրերն այցելեցին նաեւ համալիրի տարածքին մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անուան վարժարան: Եզրաս Սրբազան ներկայացնելով շուրջ 200 աշակերտներու համար նախատեսուած եւ արդէն կահաւորուած կրթական կեդրոնի ստեղծման նպատակները` նշեց, որ 2018 թուականի սեպտեմբերին պիտի սկսի կրթական գործընթացը` որպէս շարունակութիւն երբեմնի մեծ հեղինակութիւն վայելող Լազարեան ճեմարանի ազգային ոգիի կերտման լաւագոյն աւանդոյթներուն:

Վարչապետն իր գոհունակութիւնը յայտնեց Եզրաս Սրբազանին Մոսկուայի մէջ կրթական կեդրոն ստեղծելու նախաձեռնութեան համար եւ վարժարանի տնօրինութեան առաջարկեց համագործակցիլ ՀՀ կրթօճախներու հետ, կիսուիլ փորձով ու գիտելիքներով:

Scroll Up