Հոլանտայի Մէջ Կը Հիմնադրուի ՀՕՄ-ի Մասնաճիւղ

Հովանաւորութեամբ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) կեդրոնական վարչութեան յունիս 30-ին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ Հայ օգնութեան միութեան Հոլանտայի մասնաճիւղի հիմնադրութեան նուիրուած երեկոյ:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով ՀՕՄ-ի Հոլանտայի մասնաճիւղի նորաբաց ֆէյսպուքեան էջին, կը յայտնէ, որ հիմնադրման նուիրուած պաշտօնական արարողութենէն ետք պիտի ներկայացուի ՀՕՄ-ի մասին տեղեկատուութիւն, գեղարուեստական բաժինին մէջ պիտի կատարուի երգ, պար, ասմունք:
Հոլանտայի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի առաջին ծրագիրը պիտի ըլլայ նուիրատուութիւն` ի նպաստ Ալմելոյի ՀՄԸՄ շէնքի կառուցման: