ԼՂՀ Մշտական Ներկայացուցիչը Պուէնոս Այրէսի Մէջ Հանդէս Եկած Է Արցախին Նուիրուած Դասախօսութեամբ

Յունիս 12-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան Պուէնոս Այրէս կատարած այցելութեան ծիրէն ներս ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին մէջ Արցախի անցեալին, ներկային եւ ապագային նուիրուած դասախօսութիւն մը ունեցած է:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Ռոպերթ Աւետիսեան խօսած է Արցախի հիմնախնդիրներու, յատկապէս` արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին` նշելով այդ հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Ան ներկայացուցած է նաեւ Արցախի բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը` աւելցնելով, որ տուեալները կը թարմացուին այս տարի իրականացուող մարդահամարէն յետոյ: Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական, կրթական, առողջապահական, մշակութային կեանքին` բանախօսն ըսած է, որ այդ ոլորտներուն մէջ վերջին տարիներուն զգալի աճ գրանցուած է:
Դասախօսութիւն-հանդիպումը շարունակուած է հարց ու պատասխանով, որոնց Ռոպերթ Աւետիսեանը սպառիչ պատասխաններ տուած է:
ՀԲԸՄ պատուոյ անդամ, ՀԲԸՄ Արժանթինի մասնաճիւղի փոխատենապետ Անթոնիօ Սարաֆեան ողջունած է ներկաներն ու շնորհակալութիւն յայտնած հիւրին կարեւոր հանդիպման համար` ընդգծելով, որ նման նախաձեռնութիւններն աւելի կ՛ամրապնդեն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան կապերը:
Ապա օրհնութեան խօսք ըսած է Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեան: Սրբազան Հայրն աղօթած է հայ ժողովուրդի խաղաղութեան եւ սահմաններու անվտանգութեան համար` բոլորին յորդորելով երթալ Արցախ` վայելելու արցախեան բնութիւնն ու մշակոյթը:
Ջերմ հանդիպումն աւարտած է յատուկ ընդունելութեամբ: