Թիֆլիսահայ Կանանց Այցելութիւնը «Յովհաննէս Թումանեանի Տուն» Կեդրոն

Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն կազմակերպուեցաւ  թիֆլիսահայ կանանց այցելութիւնը Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան նախկին բնակարան` այժմ  «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» կեդրոն:
Ճիշդ է, գրեթէ մէկ տարի է, որ քաղաքամայր Թիֆլիսի մէջ կը գործէ Ամենայն հայոց բանաստեղծի նախկին տան մէջ ստեղծուած համանուն կեդրոնը, բայց ոչ բոլոր թիֆլիսահայերը կրցած են վայելել թումանեանական տան ոգեշունչ մթնոլորտը: Սակայն ցանկութիւնը մեծ եղած է: Եւ քանի որ  մեծ էր  Թումանեանի վերանորոգուած եւ կեդրոնի վերածուած տունը տեսնել ցակացողներու թիւը, որոշուեցաւ այցելութիւնն իրականացնել երկու օր` շաբաթ եւ կիրակի օրերուն:
2018 թուականի յունիս 9-10-ին, իւրաքանչիւր խումբ երկու տասնեակէ աւելի տիկնայք, որոնց շրջանին մէջ էին հայոց լեզուի եւ գրականութեան նախկին ուսուցիչներ, տարբեր առարկաներու մանկավարժներ, հայագիտական բաժանմունքի ուսանողներ, պարզապէս Թումանեանի ստեղծագործութիւններու երկրպագուներ, Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» կեդրոն:
Երկու օրերուն ալ այցելուներուն դիմաւորեց ղեկավար Կիսէ Յովսէփեան: Վերջինս ներկայացուց տան պատմութիւնը, գործունէութեան առաքելութիւնը եւ ապագայի տեսլականը: Այցելուները հետաքրքրութեամբ, երախտագիտութեան մեծ զգացումով դիտեցին վերանորոգուած, թումանեանական շունչը պահպանած, հնաոճ կահաւորուած սենեակները, ապրելով մեծ բանաստեղծի տան մէջ շրջելու, ստեղծարար մթնոլորտը զգալու երջանկութիւնը:
Չխախտելով Թումանեանի ընտանիքի թէյով հիւրասիրութեան աւանդոյթը, հիւրերը տեղեր գրաւեցին հիանալի պատշգամբին վրայ զետեղուած սեղանին շուրջ: Կեդրոնի տիկնիկային թատրոնի ղեկավար Արմէն Յովհաննիսեան, դերասան Աշոտ Սիմոնեանի հետ միասին ձեռնամուխ եղան  «Վերնանուշներին», ինչպէս անոնց կ’անուանէր Հայոց մեծ բանաստեղծը, թէյով հիւրասիրութեան` ուղեկցութեամբ հետաքրքիր պատմութիւններով, յուշերով:Հաճելի անակնկալ էր  անոնց կողմէ պատրաստուած փոքրիկ մագաղաթները, որոնց վրայ գրուած էին Թումանեանի խոհա-փիլիսոփայական քառեակներ, հատուածներ անոր ստեղծագործութիւններէն:
Մէկ բաժակ թէյի շուրջ թիֆլիսահայ կանայք կ՛ընթերցէին իրենց բաժին ինկած մագաղաթները, կ՛ընկղմէին այնքան պարզ եւ միեւնոյն ժամանակ այնքան բարդ Թումանեանի ստեղծագործութիւններու խորութեան մէջ, ըմբոշխնելով ատոնց անմահ հմայքը: Անոնցմէ շատերը արտասանեցին ոչ միայն տողեր, այլեւ ամբողջական քերթուածներ եւ բանաստեղծութիւններ Թումանեանի գործերէն, կատարեցին երգեր անոր խօսքերով:
Վառ տպաւորութիւններով, շնորհակալութեան խորին զգացմունքով, խմբովի նկարուելէ ետք հիւրերը իրենց հետ տարին թումանեանական հարուստ գրականութեան նորովի ընկալումները եւ զգացումները:

Աղբիւրը` http://armenianchurch.ge

 

Scroll Up