Ամերիկաբնակ Բարերարի Տրամադրած Գումարով Արցախի Գետաւան Գիւղին Մէջ Պիտի Կառուցուի Դպրոց, Հիւանդանոց Եւ Մանկապարտէզ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ ամերիկաբնակ բարերար Անդրանիկ Բաղդասարեանի նուիրաբերած գումարով Արցախի Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղին մէջ կը կառուցուի հիւանդանոց, դպրոց եւ մանկապարտէզ:
Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան:
«Անդրանիկ Բաղդասարեանը մօտ մէկ ամիս առաջ Արցախ այցելութեան ընթացքին 1 մլն տոլար նուիրաբերելու խոստում տուած է: Սակայն այդ գումարը ինչի վրայ ծախսելու նախընտրութիւնը ան ձգած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին»,-ըսաւ Վարդանեան:
Հիմնադրամը եւ Արցախի նախագահը որոշած են այդ գումարով Գետաւան գիւղին մէջ կառուցել դպրոց, հիւանդանոց եւ մանկապարտէզ
Անդրանիկ Բաղդասարեան 3 տարի առաջ եւս 5 մլն տոլար նուիրաբերած էր: Այդ գումարն ուղղուած է Թալիշն ամբողջութեամբ վերակառուցելու գործին` «Թալիշի վերածնունդ» նախագիծի իրականացման:
Վարդանեան յոյս յայտնեց, որ նուիրատուութիւնները կ’աւելնան: