Երբեմն Սփիւռքէն կը Փորձեն Ուղղորդել Հայաստանի Գործընթացները, որ, Համոզուած եմ, Սխալ է. Տարօն Աճէմօղլու

Երբեմն Սփիւռքի որոշ ներկայացուցիչներ կը փորձեն դուրսէն ուղղորդել գործընթացները, որ, համոզուած եմ, սխալ է: Այս մասին՝ «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ նշած է յայտնի տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուն:

Անդրադառնալով Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութեան»՝ տնտեսագէտը յայտնած է, թէ իր կարծիքով անիկա շրջադարձային կէտ էր Հայաստանի համար, քանի որ Հայաստանը չափազանց երկար տառապած է կաշառակեր ու անարդիւնաւէտ կառավարութեան պատճառով, որ կ՝արտացոլուէր տնտեսական վիճակով եւ Հայաստանօն արտագաղթի թիւերով:

«Ասիկա երկրի նոր սկիզբի հիմնադրումն էր, որ կարելի է տօնել: Ընդհանրապէս, արմատական բարեփոխումները իրականութեան մէջ բարդ գործընթաց են եւ նման արմատական բարեփոխումներու կարիք ունեցող երկիրները կը հանդիպին երկու զգալի մեծ խոչընդոտի: Առաջինը՝ գործընթացի խաղաղ սկիզբն է, քանի որ առանց այդ խաղաղ սկիզբին, ամբողջ գործընթացը շատ աւելի բարդ կը դառնայ՝ հասարակութիւնը կը բեւեռացուի, թշնամանք կը ձեւաւորուի, բռնութիւն կը սկսի: Նման պայմաններու մէջ՝ որեւէ կառուցողական արդիւնքի հասնիլը գրեթէ անհնար է: Այդպիսին էր իրավիճակը «Արաբական գարնան» յաջորդած ժամանակահատուածին»,- ըսած է Աճէմօղլու եւ ընդգծած, որ Հայաստանը յաջողեցաւ ստեղծել խաղաղ, շատ խոստմնալից սկիզբ, որ փայլուն յաղթանակ է:

«Երկրորդ քայլը պիտի ըլլայ, այդ խաղաղ սկիզբին վրայ հիմնուելով, շարունակել համակարգային բարեփոխումներու գործընթացը եւ ստեղծել ապագայ բարգաւաճման, որակեալ կառավարման, խաղաղ գոյատեւման հիմնասիւները: Այդ երկրորդ քայլը դեռ երաշխաւորուած չէ, սակայն, մենք ստացած ենք սկզբնական հնարաւորութիւն զայն իրականացնելու համար»,- նշած է աշխարհահռչակ տնտեսագէտը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ վարչապետի խորհրդական ըլլալու պարագային, ի՞նչ խորհուրդ կու տայ անոր, իբրեւ առաջնահերթ քայլ, Աճէմօղլու նշած է, թէ իւրաքանչիւր երկիր կը պահանջէ առանձնայատուկ մօտեցում: «Ընդհանուր առմամբ, եթէ կ՝ուզէք արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը, եթէ կ՝ուզէք դնել տեւական բարեփոխումներու եւ աճի հիմքերը, պէտք է այդ ամէնը ընէք խաղաղ ճանապարհով»,- ըսած է ան: Աճէմօղլուի խօսքով՝ առաւել մեծ յաջողութեան հասած երկիրներու պարագային, կարելի է նկատել, որ անոնք միշտ կրցած են այրել հակասութիւնները անցեալի եւ նոր սկիզբ դնելու ճանապարհներ գտել: «Անշուշտ, ատիկա դիւրին չէ, անշուշտ գոյութիւն ունին նախկին խնդիրներ, սակայն, կը կարծեմ, առաւել կարեւոր է ընդհանրութիւններ գտնելը: Հայաստանի համար յատկապէս խոստումնալիցը է, որ թէ՛ երկրի մէջ եւ թէ՛ սահմաններէն դուրս առկայ է իրական խանդավառութիւն, համոզում, որ ասիկա փոփոխութիւններու համար ճիշդ ժամանակն է եւ համոզում, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են»,- ընդգծած է տնտեսագէտը:

Ան շեշտած է, որ կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ աշխարհաքաղաքական վտանգներ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի կողմէն: Ըստ անոր, միւս վտանգը այն է, որ նման ոգեշնչող պահու կարելի է փորձել իրականացնել բոլոր փոփոխութիւնները միանգամայն: «Ըսեմ, որ որքան շատ քայլեր փորձէք իրականացնել միաժամանակ, այնքան քիչ արդիւնքի կը հասնիք ապագայ առաջընթացի հիմքեր ստեղծելու գործին մէջ»,- շեշտած է Աճէմօղլու:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ան ինքզինք իբրեւ մէկ մաս կը տեսնէ՞ Հայաստանի իշխանութիւններուն մէջ՝ տնտեսագէտը ըսած է, թէ իր կարծիքով պաշտօնական դիրքը այնքան ալ կարեւոր բան չէ: «Կը կարծեմ Հայաստանէն դուրս բնակողները կրնան աջակցութիւն ցուցաբերել, խորհուրդ տալ: Սակայն, համոզուած եմ, որ Հայաստանի քաղաքացիները ինքնուրոյն պէտք է կառուցեն իրենց երկիրը: Ես իմ կողմէ պատրաստ եմ ամէն տեսակի օգնութիւն տրամադրելու, որովհետեւ, հաւատացած եմ, ասիկա իրական շրջադարձային կէտ է Հայաստանի համար: Կը կարծեմ, թարմ հայեացքը Հայաստանի գործընթացներուն վրայ կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն Հայաստանի քաղաքացիները իրե՛նք պէտք է ըլլան գործընթացի եւ գործողութիւններու կեդրոնին վրայ: Այնպէս որ, ես իրօք յոյս ունիմ, որ իմ օգնութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ, սակայն ես նաեւ չեմ ակնկալեր աւելի մեծ դեր ունենալ: Եւ այդ կարծիքս կը վերաբերի ընդհանրապէս Սփիւռքի դերին: Կը կարծեմ, Սփիւռքը ունի շատ կարեւոր դեր, սակայն, ան պէտք է իրականացնէ իր աջակցութիւնը երկու ուղղութիւններով՝ բարոյական աջակցութիւնն ու ներդրումները: Երբեմն, սակայն, Սփիւռքի որոշ ներկայացուցիչներ կը փորձեն դուրսէն ուղղորդել գործընթացները, որ, համոզուած եմ, սխալ է: Առաջնորդող դերը բոլոր գործընթացներու մէջ պէտք է ստանձնեն միայն Հայաստանի քաղաքացիները»,- ընդգծած է ան:

Խօսելով այն հարցին մասին, թէ Հայաստանը իրական հնարաւորութիւն ունի՞ միանալու առաջադէմ երկիրներու շարքին՝ Աճէմօղլու նշած է, որ նախապէս այլ երկիրներ յաջողած են այդ քայլին մէջ: «Այն երկիրները, որոնք չեն յաջողած, մեծ մասամբ տապալած են առաջին քննութեան ընթացքին՝ չկարենալով խաղաղ իշխանափոխութիւն ապահովել: Հայաստանը յանձնած է առաջին քննութիւնը ուղղակի փայլուն կերպով եւ ատիկա շատ պիտի օգնէ երկրորդին ժամանակ, քանի որ հասարակութեան մեծ մասը համոզուած է որ  փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են: Առկայ է նաեւ փայլուն, կիրթ մարդկային ուժ եւ երիտասարդութիւն, որ ինքնուրոյն կը փորձէ հնարաւորութիւններ գտնել այդ ձեռքբերումները վերածելու դրական փոփոխութիւններու: Սակայն, չէի ուզեր թերագնահատել վտանգը»,- նշած է տնտեսագէտը ու Հայաստան իր այցելութեան անդրադառնալով՝ նշած է, թէ առաջին հերթին կ՝ուզէ հասկնալ թէ ինչ մարտահրաւէրներ ունի նոր կառավարութիւնը եւ ինչպէս պիտի փորձէ յաղթահարել զանոնք: «Երբ ես ատիկա լիարժէք հասկնամ, պիտի նստիմ եւ կատարեմ իմ «տնային աշխատանքը», պիտի վերլուծեմ, թէ ինչպէս կրնայ զարգանալ իրավիճակը եւ պիտի կրնամ իրական խորհուրդներ տալ, այլ ո՛չ միայն այցելել Հայաստան իբրեւ զբօսաշրջիկ»,- ըսած է Աճէմօղլու:

Scroll Up