Հայ Դատի Աւանդական Իֆթարի Սեղանը Գահիրէի ՄԷջ
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբը Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ այլեւս աւանդական դարձած Իֆթարի սեղանը սարքեց Ուրբաթ, 8 Յունիսի երեկոյեան: Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Արմէն Մազլումեան:
Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեան ողջունելով ներկաները, յայտնեց, թէ հաւաքը կʼամփոփէ Եգիպտոսի մեծութիւնն իր այլազանութեան մէջ: Ան աւելցուց, որ հայերը չեն մոռնար, որ երբ հալածանքի կʼենթարկուէին, Եգիպտոս՝ պետութիւն եւ ժողովուրդ, իր գիրկը բացաւ ու զիրենք ընդունեց, որուն երախտապարտ կը մնան: Բժիշկ Մազլումեան պատմեց, թէ գաղթական հայերն ինչպէ՛ս բոլոր բնագաւառներէն ներս ներդրում ունեցան, կարծես իրենց հայրենիքը գտնուէին: Ան յարգանքի ու գնահատանքի տուրք մատուցեց երկրի ոստիկանութեան, զինուած ուժերուն եւ նահատակներու յիշատակին: Շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանականներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն, եւ վերջապէս, բարձր գնահատեց երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ պետութիւնը կʼառաջնորդէ զարգացման եւ կայունութեան ճամբով:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դր. Արմէն Մելքոնեան խօսք առնելով փաստեց, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ կը վայելեն եգիպտացիներու բարեկամութիւնն ու եղբայրակցութիւնը, կը բաժնեն տեղացիներու նուաճումներն ու ձգտումները եւ միասնաբար կը դիմագրաւեն նոյն մարտահրաւէրները, իրենք զիրենք տեղացիներէն չեն զատորոշեր, շրջապատուած ըլլալով Եգիպտոսի ժողովուրդի եւ կառավարութեան գուրգուրանքով: Ան ըսաւ, որ սա առաջին անգամը չէ, որ Եգիպտոս պաշտօնավարութեան երկար տարիներուն ներկայ կը գտնուի ռամատանեան Իֆթարի եւ հաստատեց, որ Ռամատանն այս երկրին մէջ հանդուրժողականութեան, եղբայրութեան, միասնութեան եւ մերձեցման ամիսն է, տրուած ըլլալով որ Եգիպտոսի մէջ այն միայն իսլամներուն տօնը չէ, այլ բոլոր եգիպտացիներուն:
Շարունակելով իր խօսքը, ան ըսաւ, որ հայկական համայնքը Հայաստանն ու Եգիպտոսը միացնող կամուրջի դեր կը կատարէ, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առեւտրական, մշակութային ու կրթական գործակցութիւնը զարգացնելու մէջ մեծ ներդրում ունի, նաեւ ջերմ ու անկեղծ բարեկամութեան ամրապնդման մէջ:
Ան ըսաւ, որ միշտ զարմանք պատճառած է իրեն, երբ տեսած է մէկ վայրի մէջ խմբուած եգիպտացիներ, որոնք՝ առանց կրօնի ու ծագումի խտրութեան, միասին կը կիսեն հացը, այս ձեւով հաւաստելով իրենց միասնութիւնը: Արձանագրելով, որ հայ համայնքը եգիպտական հասարակութեան անբաժան մասն է, որ երկար դարերու ընթացքին համարկուած է տեղացիներուն հետ, շօշափելի նպաստ բերելով ընկերային, տնտեսական ու մշակութային կեանքին, միաժամանակ պահպանելով իր ազգային ինքնութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը, ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ շատ հպարտ են համայնքի ներդրումով ու եգիպտացիներու մօտ վայելած բարի համբաւով:
Իֆթարի սեղանին Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպսկ. Մնացականեանի, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեանի, եգիպտահայոց Ազգային իշխանութեան եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու կողքին, կը մասնակցէին եգիպտացի եւ օտար բարձրաստիճան հիւրեր, որոնց շարքին՝ արտաքին նախկին նախարար Մոհամմէտ Օրապի, խորհրդարանականներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Նասէր ռազմական ակադեմիայի դասախօսներ, դեսպաններ, Արտաքին գործերու եգիպտական խորհուրդի անդամներ, Ղազախստանի դեսպանութեան խորհրդականը, եգիպտական պետական Էլ Նիլ միջազգային հեռուստալիքի նախագահ Թաղրիտ Հիւսէյն, Աղեքսանդրիոյ համալսարանի նախկին նախագահ դր. Մոհամմէտ Ապտէլլա, մասնաւոր հեռուստակայաններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, պատմաբաններ ու միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր:
Տարիներ առաջ երբ այս աւանդութեան հիմը կը դրուէր, Հայ դատի յանձնախումբի մօտ երկու տասնեակ հիւրերը, գլխաւորաբար լրագրողներ ու պատմաբաններ, կը հիւրասիրուէին ճաշարանի մը մէջ: Տարիներ ետք արդէն հիւրերու այլազանութիւնն անհամեմատ ընդլայնած է: Հետեւողական աշխատանքով անհաւանական չէ, որ հետագային հիւրերու շարքին գտնուին պետական գործող պատասխանատուներ, ինչպէս այսօր խորհրդարանականներն են եւ հեռուստալիքի նախագահը:
Ապրիք ընկերներ: