«Անկախութեան Բնական Գոյները». Ցուցահանդէս-Վաճառք
2018թ յունիս 5-էն Երեւան քաղաքի Բնութեան պետական թանգարանին մէջ մեկնարկած է «Բնութեան գոյները» խորագիրով ձեռնարկը, որուն ծիրէն ներս «Հայկական մանրանկարչութեան կեդրոն» (ՀՄԿ) հիմնադրամը կը ներկայանայ «Անկախութեան բնական գոյները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսով:
«Անկախութեան բնական գոյները» անուանումը պատահական տրուած չէ: Ցուցահանդէսի այսպիսի անուանումը խորհրդանշական է, որուն հոգեւոր ըմբռնումը հետեւեալն է.
«Մենք կը կարծենք, որ հայ ժողովուրդը 100 տարի առաջ վերագտած է իր անկախութիւնը, որ յատուկ է բնութեան եւ տիեզերքին…
Անկախ է բնութիւնը, անկախ է տիեզերքը…
Անկախ ենք մենք` ՀԱՅԵՐՍ, մեր բնոյթով ու մեր բովանդակութեամբ, ինչպէս տիեզերքը, ինչպէս մեզ շրջապատող բնութիւնը, որուն հետ նոյնական են մեր էութեան գոյները, մեր երաժշտութիւնը, մեր քանդակը ու ճարտարագիտութիւնը, մեր լեզուն ու մեր տառերը…
Տիեզերքը փոփոխական է, այնպէս ինչպէս մարդկութեան կեանքը…
Երբեմն կը հրդեհուի բնութիւնը, երբեմն իրար կը բախուին մոլորակները, երբեմն կ՛ըլլան ահեղ ու սարսափելի երկրաշարժեր, երբեմն կ՛այրին անտառները…այսպիսի իրադարձութիւններու ժամանակ բնութիւնը կարծես կը մեռնի, կարծես կը դադրի գոյութիւն ունենալէն…
Այսպիսին է նաեւ մեր պատմութիւնը` ՀԱՅ ժողովուրդի անցած ուղին:
Ան վառուած է, հրդեհուած, երկրաշարժուած, բախուած ու ցրիւ եկած, բայց ծնած է դարձեալ ու դարձեալ, ինչպէս կը ծնին աստղերը…»:
Ձեռնարկի ծիրէն ներս, Բնութեան պետական թանգարանի ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են մեր կեդրոնի գլխաւոր գիրքը` ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ՄԱՏԵԱՆԸ, որ ամէն տարի պիտի հասնի աշխարհի 70 երկիրներու մէջ ապրող հայ փոքրիկներուն, որոնք կը սկսին սորվիլ տառեր նկարել…
Աշխարհի 70 երկրի մէջ, ամէն տարի կը ծնին հայեր ու հէնց անոնց համար է ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ՄԱՏԵԱՆԸ` մեր գլխաւոր գիրքը, որ հայոց այբուբենի ԱՆՁՆԱԳԻՐՆ Է, ուրեմն եւ ԱՆՁՆԱԳԻՐՆ Է ԱՄԷՆ ՄԷԿ ՀԱՅ ԵՐԵԽԱՅԻ, որ ճակատագրի բերումով կ՛ապրի հայրենիքէն դուրս…
Մանրանկարաչական այդ գրքոյկը բնութեան ձայներու իսկական պատկերագրութիւն է: Պէտք է ուղղակի տեսնել, ստանալ ու վայելել…
Հիմնադրամի ծրագիրներով ներկայացուած են նաեւ այլ բացառիկ աշխատանքներ, որոնք գեղարուեստական մտածողութեան հիանալի նմուշներ են»:
Ցուցադրութեան 10 օրուան ընթացքին դուք կրնաք տեսնել ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱՏԻԿ, որմով ստեղծուած են քրիստոնէական մշակոյթի ամենաբարդ, ամենակատարեալ ու խորհրդաւոր թեմաներու վերարտադրութիւններ` 15-17 դարերու հայ մանրանկարիչներու գործերէն: Օրինակ` ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՐԿՐՈԴ ԳԱԼՍՏԵԱՆ Խաչերու մանրանկարները, որոնք բատիկայի արուեստի հիանալի կատարումներ են` իրենց հրեղէն երաժշտականութեամբ:
Ցուցահանդէսը ամբողջական չէր ըլլար, եթէ ներկայացուած չըլլար ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ` հայոց տառերու` բնութեան պատկերներու, տառային նկարչութեան շարքով, որոնց կ՛անուանեն ՏԱՌԱՅԻՆ Մանրանկարչութիւն…
Հայոց մանրանկարչական տառերը բնութեան իրական վերապատկերումն են` կենդանիներու, թռչուններու, զարդերու, մարդոց տեսքերով ու թովչութեամբ:
Նրկայացուած աշխատանքներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ, ինչպէս ցուցադրութեան ընթացքին ծրագիրներու ղեկավարներուն կողմէ, այնպէս ալ յետագային կեդրոնի հետ կապ հաստատելով: Կեդրոնը պատրաստ է լսելու ու քննարկելու իւրաքանչիւր առաջարկութիւն:
Մեր հասցէն է` ք. Երեւան, Թումանեան 8, 514 սենեակ, հեռ` 010-54-00-13, +374-77-61-37-32, էլ.հասցէ` hayoc.aybuben@gmail.com: