Վահան Թէքէեանի Անունը Կրող Դպրոցներու Ուսուցիչները Այս Տարի Եւս Ստացան «Ուսուցիչ Մը Հովանաւորէ» Ծրագիրով Հանգանակուած Նուէրները

ԳԱՅԵԱՆԷ ՄՈՒՐԱԴԵԱՆ, Երեւան-Բեր Ձոր-Կարբի-Գիւմրի-Ստեփանաւան

Կ՛ըսեն` եթէ որոշած ես օգնել եւ կ՛օգնես, ապա պատասխանատուութիւն կը ստանձնես այդ որոշման համար: Այդպէս ալ Ամերիկայի եւ Գանատայի «Թէքէեան մշակութային միութիւն» մեծ ընտանիքը շուրջ 18 տարի շարունակ ստանձնած է եւ կը շարունակէ իր բարեգործական ծրագիրի իրականացումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Վահան Թէքէեանի անունը կրող 5 դպրոցներու մէջ:

Ամէն տարի սփիւռքի մեր հայրենակիցները այցելելով դպրոցներ` ուսուցիչներուն եւ օժանդակ աշխատակիցներուն կը յանձնեն «Ուսուցիչ մը հովանաւորէ» ծրագիրի ծիրէն ներս հանգանակուած նիւթական աջակցութիւնը: Այս տարի բարեգործական ծրագիրը իրականացուեցաւ Մայիսեան եռատօներու եւ յատկապէս` Սարդարապատի հերոսմարտի, Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ընդառաջ: Հայաստան  այցելած էին սփիւռքահայ թէքէեանցիներ` մասնակցելու համազգային ուրախութեան: Գէորգ եւ Սիլվա Քեօշկարեանները (ԱՄՆ, Լոս Անճելըս) առաջին անգամ կ՛այցելէին Արցախի Բեր Ձորի դպրոցի Վահան Թէքէեանի անուան թիւ 1 դպրոց: Որքան հիացած էին Արցախի չքնաղ բնութեամբ, նոյնքան տխրեցան, երբ ներս մտան դպրոց: Տեսնելով դպրոցի տնօրէն Անահիտ Քոսակեանի եւ աշակերտներու ուրախ դէմքերը, անոնք մոռցան առաջինէն երրորդ յարկ ձգուող խոնաւ պատերն ու առնուազն 50 տարուան աւերուած մանրայատակը: Աշակերտները իրենք ցոյց տուին վերջին 1.5 տարուան ընթացքին վերանորոգուած եւ լուսաւոր 4 դասարանները, պատմեցին դպրոցական առօրեայի, նոր կրթական ծրագիրներու մասին: Հիւրերէն ուսուցիչները շնորհակալութեամբ եւ երախտիքի խօսքերով ստացան ընծաները եւ անկեղծ պատմեցին դպրոցի կարիքներուն մասին:

Երեւանի Վահան Թէքէեանի անուան համար 92 դպրոց այցելեց ԱՄՆ եւ Գանատա ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Երուանդ Ազատեան (ԱՄՆ, Տէտրոյթ)` ուղեկցութեամբ վարչականներ` Յակոբ Վարդիվարեանի (ԱՄՆ, Նիւ Եորք), Գէորգ եւ Վարդիթեր Մարաշլեաններու, Արամ Արքունի (ԱՄՆ, Պոսթըն):

Թէքէեանցիները ուսուցիչներուն շնորհակալական խօսքերով կը յանձնէին անոնց  նուէրները. Անոնք ալ իրենց հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնէին գնահատուած ըլլալու համար: Տնօրէնուհի Ծովինար Մարդանեան հպարտութեամբ կը խօսէր աշակերտներու յաջողութիւններուն, մրցումներուն  անոնց նուաճումներուն մասին: Այս ամէնով հանդերձ, անհրաժեշտ է նորոգել նախակրթարանը, հիմնովին վերացնել ճաշարանի հակաառողջական վիճակը:

Կարբիի` մասնակցութեամբ Յակոբ Վարդիվարեանի եւ Վարդիթեր Մարաշլեանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանաւանի Վ. Թէքէեանի անուան դպրոցներու այցելութիւններու օրերուն դպրոցներուն մէջ տեղի կ՛ունենար «Վերջին զանգ»-ի արարողութիւնը: Ուսուցիչներուն յղուած աշակերտներու շնորհակալութիւններուն ու գնահատանքներուն միացան նաեւ հիւրերը: «Երախտապարտ ենք ձեզՙ, ձեր ներդրման, անմնացորդ նուիրումին համար, դուք էք, որ համբերատար կը դաստիարակէք ու կը կրթէք մատաղ սերունդը` պատրաստելով անոնց մուտքը նոր կեանք»,-իր խօսքին մէջ կարեւորեց Հ. Վարդիվարեան: Կարբիի դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեան հիւրերուն ուղեկցեցաւ եւ ցոյց տուաւ դպրոցի հանդիսութիւններու սրահի աթոռները, որոնք 10 տարի առաջ նուիրաբերուած էին ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի ԹՄՄ կեդրոնական վարչութեան գործադիր տնօրէն Մարօ Պետրոսեանի ընտանիքին կողմէ, սակայն այսօր առաւել հրատապ դարձած է դպրոցի տանիքի վերանորոգումը, որ կառուցուած է 1973 թուականին:

Ի հարկէ, դպրոցներու պարբերաբար նորոգումները հրատապութիւն կ՛ենթադրեն եւ մեր բոլորին կողմէ ցուցաբերուող սրտցաւութիւնն ու հոգածութիւնը, շարունակուող նպատակային ներդրումները իրապէս եւ որոշակի կերպով պիտի նպաստեն վաղուան Հայաստանի քաղաքացիի  համար բարեկեցիկ ուսումնական միջավայրի ստեղծման:

 

Scroll Up