Բրիտանահայ Ականաւոր Վիրաբոյժ Արա Տարզին Երեւանի ՄԷջ Է

Բրիտանահայ ականաւոր վիրաբոյժ, Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, Մեծ Բրիտանիոյ  առողջապահութեան նախկին նախարար Արա Տարզին յունիս 8-ին բաց դասախօսութիւն ունեցաւ  Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ:  2018 թուականի «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած անուանի հայու` «Նորարարութիւնն առողջապահութեան ոլորտին մէջ»  խորագիրով դասախօսութիւնը համախմբած էր ոչ միայն ԵՊԲՀ ուսանողները եւ դասախօսները, այլեւ առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչները:

ԵՊԲՀ տնօրէն Արմէն Մուրադեան նշեց, որ առանձնայատուկ պատիւ է այսօր հիւրընկալել «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներն ու հիւրերը:

Տնօրէնին  խօսքով` Արա Տարզիի  այս դասախօսութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ համալսարանի աշխատանքներն ունին համակարգուած եւ հետեւողական բնոյթ:  Անոր գնահատմամբ` դասախօսութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի մասնակիցները ծանօթանան առողջապահական ոլորտի այսօրուան մարտահրաւէրներուն:

Բժշկական մայր համալսարանը աշխարհի տարբեր անկիւններէ պարբերաբար կը հիւրընկալէ անուանի մասնագէտներու, որոնց անցած ուղին կը վկայէ մասնագիտութեան մէջ անոնց նուիրուածութեան մասին:

Տնօրէնը  տեղեկացուց, որ իր գործունէութեամբ մեր երկրին մեծ ճանաչում  բերած Արա Տարզիին`  ԵՊԲՀ գիտական խորհուրդի  որոշմամբ, կը  շնորհուի բժշկական համալսարանի պատուաւոր դոկտորի կոչում:

«Ես երբեք այսքան արագ չեմ հագած եւ հանած հագուստներս»,- պատուաւոր դոկտորի վերարկուն  հանելուն կատակեց Արա Տարզին` ընդգծելով,որ մեծ առաւելութիւն է ըլլալ ԵՊԲՀ-ի մէջ:

Խօսելով Հայաստան ժամանելու  առիթին` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան մասին, ան նշեց,որ իւրաքանչիւր մարդ կարեւոր դերակատարում եւ առաքելութիւն ունի իրականացնելու, որուն միտուած է նախաձեռնութեան բուն իմաստը:

Նախքան մասնագիտական թեմաներուն անդրադառնալը` Տարզին պատմեց իր մասին: Ապագայ բժիշկը ծնած է 1960թ. Պաղտատ` Եղեռնէն փրկուած հայերու ընտանիքի մէջ: Հայրը մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էր:  Ժպիտով նշեց, որ  հայ ընտանիքներուն մէջ ընդունուած է  ճարտարագէտ, բժիշկ կամ իրաւաբան դառնալ:

 Երբ Արան 17 տարեկան  եղած է, որոշում  կայացուցած է տեղափոխուիլ Տուպլին. Կ՛երազէր լաւ բժշկական կրթութեան մասին:  Ան  ուսանած է Վիրաբուժութեան թագաւորական քոլեջին մէջ, ապա գիտական աստիճան  ստացած Տուպլինի համալսարանին մէջ:  Հենց Իռլանտայի մէջ  անոր ազգանունը դարձած Տարզի. ատիկա տեղի  ունեցած է տեղացիներուն կողմէ անոր ազգանուան` իւրօրինակ արտաբերման հետ կապուած: 14 տարի ապրելով Տուպլին` 1990թ. Տարզին տեղափոխուած է Մեծ Բրիտանիա: Այստեղ ալ ան սկսած է վիրաբոյժի իր աշխատանքը, որ որոշ ժամանակ անց անոր հասցուցած է Քաղցկեղի հետազօտման կեդրոնի ղեկավարի պաշտօնին:  2002թ. ունեցած վաստակի համար Եղիսաբէթ 2-րդ թագուհին Տարզիին շնորհած է Բրիտանական Թագաւորութեան ասպետի կոչում, որ անոր դարձուցած է Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ:

Թէեւ իր իրական սիրտը ճարտարագիտութեան մէջ էր,ան ընտրեց բժիշկի ուղին: Աշխարհի առաջատար վիրաբոյժը Լոնտոնի Կայսերական քոլեջի վիրաբուժութեան ամպիոնի վարիչ է: Անոր ղեկավարած ամպիոնը կը զբաղի ռոպոթացուած վիրաբուժութեամբ, Տարզին վիրաբուժութեան մէջ բազմաթիւ նորամուծութիւններու եւ նոր արհեստագիտութիւններու կիրառման ռահվիրայ է: Դասախօսութեան ընթացքին ալ ան հանգամանալից ներկայացուց իր մասնագիտական գործունէութեան հետաքրքիր կողմերը, խօսեցաւ նորարարութիւններու մասին:

2007թ. Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտոն Պրաունը վիրաբոյժին նշանակեց Բրիտանիոյ առողջապահութեան փոխնախարար. ան դարձաւ առաջին հայը Բրիտանիոյ ողջ պատմութեան ընթացքին, որ բրիտանական կառավարութեան կազմին մէջ էր: Չնայած 2009թ. Տարզին հրաժարական տուաւ, պետական գործիչի պաշտօնին աշխատած կարճ ժամանակահատուածին կողմնակից էր բժշկութեան մէջ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու օգտագործման, ընդհուպ մինչեւ ռոպոթ-բժիշկներու կողմէ վիրահատական միջամտութիւններու կատարման: Ան  նաեւ բազմաթիւ շտկումներ ըրած է  Բրիտանիոյ բժշկական համալսարաններուն մէջ:

2008թ. ան դարձած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ: Բացի այդ` վիրաբոյժը  կանոն մը ունի, որ չի խախտեր. Տան մէջ ընտանիքին հետ` ծնողներուն եւ քրոջ, կը խօսի միայն հայերէն: Տարզին ամուսնացած է, երկու երեխայ ունի:

Դասախօսութեան ընթացքին խոստովանեցաւ, որ իրեն համար իսկապէս հաճելի է համալրել ԵՊԲՀ պատուաւոր դոկտորներու շարքը:

Հանդիպումն ամփոփեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, որ նոյնպէս ներկայ էր հանդիպման: Ան յորդորեց ուսանողներուն, երիտասարդ հետազօտողներուն միշտ փորձել ձգտիլ սորվիլ, իրականացնել որեւէ նոր բան, թակել բազմաթիւ դռներ:

 

 

Scroll Up