Հայաստանի Մասին Հաղորդում Պատրաստած CNN-ի Յայտնի Հաղորդավար Էնթընի Պուրտէյն Ինձնասպան Եղած է

Վաթսունմէկ տարեկանին  կեանքէն հեռացաւ CNN հեռուստաալիքի յայտնի հաղորդավար եւ յայտնի խոհարար Էնթընի Պուրտէյն: Այդ տեղեկութիւնը հաստատած է CNN-ը:

Լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` «էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ վայրեր» հաղորդաշարի հեղինակին մահուան պատճառը ինձնասպանութիւնն է:

Ըստ «Թերթ»-ի՝ Պուրտէյն կը գտնուէր Ֆրանսա եւ կ՛աշխատէր իր հաղորդաշարի յառաջիկայ հաղորդման վրայ: Անոր մօտ ընկերը` ֆրանսացի խոհարար Էրիք Ռիփըրթը, Պուրտէյնը մահացած յայտնաբերած է Ուրբաթ առաւօտեան` հիւրանոցի անոր սենկեակին մէջ:

Ամերիկեան CNN հեռուստաալիքի «էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ վայրեր» հաղորդաշարի Մայիս 20-ի թողարկումը նուիրուած էր Հայաստանին: Էնթընի Պուրտէյն հաղորդման ծիրէն ներս այցելած է Հայաստան ու ներկայացուցած  երկրի խոհանոցը, մշակոյթն ու պատմութիւնը: Անոր՝ հաղորդման ընթացքին՝ ուղեկցած է հանրայայտ System of a Down ռոք խմբի անդամ Սերժ Թանկքանը:

Scroll Up