Ծնողներուն Ուղղուած Ուսուցողական Դասախօսութիւն Մեսրոպեանի Մէջ

Մայիս 30-ին, հրաւէրովը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, վարժարանի մեծ խումբ մը ծնողներ ներկայ եղան շատ շահեկան դասախօսութեան մը` “Ինչպէս Կրնամ Հետեւիլ Զաւկիս Դասերուն` Տունին Մէջ” խորագրով: Դասախօսութիւնը ներկայացուց “Ուազնաթ” խորհրդատուական եւ ուսուցման հիմնարկի ներկայացուցիչը, որ անդրադարձաւ այն խնդիրներուն, զորս ծնողները կը դիմագրաւեն իրենց զաւակներու տնային աշխատանքներուն հետեւելու ընթացքին, բացատրելով այդ պարտականութիւնը արդիւնաւէտ եղանակով կատարելու շարք մը եղանակներ:

Մեսրոպեան վարժարանը այս տարուան վերջաւորութեան գործակցութեան  համաձայնագիր կնքեց “Ուազնաթ” հիմնարկին հետ` նպատակադրելով բարձրացնել  աշակերտներուն կրթական մակարդակը, ամրապնդել ուսուցիչներուն գիտելիքները, ինչպէս նաեւ օգտակար դառնալ ծնողք-զաւակ հաղորդակցութեան խնդիրներու լուծման: Այս ծիրին մէջ, գործադրութեան պիտի դրուի`

  1. Ակադեմական եւ արհեստից կրթութեան արեւելումի ծրագիրը` երկրորդականի աշակերտներուն համար,
  2. Անձական եւ ընտանեկան կեանքի զարգացման վարժողական ծրագիրը` 7, 8, 10 եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներու համար,
  3. Ուսուցողական-իրազեկման ծրագիրը ծնողներու համար` ծնողք-զաւակ յարաբերութեան վերաբերող նիւթերու մասին եւ
  4. Ուսուցիչներու վարժողական խտացեալ ծրագիրը:

Կրթա-դաստիարակչական այս համապարփակ ծրագրին գործադրութիւնը կը պատկանի վարժարանի զարգացման ուղղած Մեսրոպեանի տնօրէնութեան նորագոյն նախաձեռութիւններու շարքին` վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին ընդառաջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Scroll Up