Պէտք Է Միջոցներ Նախաձեռնել Վրաստանի ՄԷջ Հայկական Կրթութիւն Ստանալ Փափաքողներու Թիւն Ընդլայնելու Համար. Դեսպան Սադոյեան

Յունիս 7-ին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան այցելեց Թիֆլիսի 103-րդ հայ-վրացական դպրոց: Դեսպանը նախ հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Արչիլ Չխայիձէի եւ փոխտնօրէն, հայկական բաժինի ղեկավար Յասմիկ Պապիկեանի հետ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն, տնօրէնութիւնը դեսպանին ներկայացուց դպրոցի գործունէութեան առնչուող  շարք մը հարցեր: Դեսպանը հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպիսի քայլեր կը ձեռնարկուին, որպէսզի հայկական բաժին դիմող աշակերտներուն թիւն աւելնայ` միաժամանակ նշելով, որ պէտք է խթանող միջոցներ նախաձեռնել հայկական կրթութիւն ստանալ փափաքողներու թիւն ընդլայնելու համար: Այս առումով դեսպանը նշեց, որ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը ջանք չի խնայեր, որպէսզի նպաստէ դպրոցի հայկական բաժինի աշակերտներու թիւի աւելացման:

Դեսպանը, տեղեկանալով դպրոցի խնդիրներուն, պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու ատոնց լուծման:

Այնուհետեւ դպրոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մեծ աշուղ Սայաթ-Նովային նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին դպրոցի հայկական բաժինի աշակերտները հայերէն եւ վրացերէն ասմունքով ու երգով, գեղեցիկ պարերով ու բեմականացումներով ներկայացուցին աշուղի ստեղծագործութիւնները, կեանքն ու գործունէութիւնը:

Իր խօսքին մէջ դեսպան Սադոյեան հիացմունք արտայայտեց կազակերպուած ձեռնարկին վերաբերեալ եւ նշեց, որ տպաւորուած է դպրոցի հայ աշակերտներու ելոյթներով` այդ կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն: Դեսպանը նշեց, որ Սայաթ-Նովան իրաւամբ դարձած է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան իւրատեսակ խորհրդանիշներներէն մէկը:

Ձեռնարկին  աւարտին դպրոցի ուսուցչուհի Լուիզա Մուրադեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Scroll Up