ՀՀ ԱԳ Նախարարը Հանդիպեցաւ Մոսկուայի ՄԷջ Կրթութիւն Ստացող Հայ Ուսանողներու Հետ

Մայիս 7-ին աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Զոհրաբ Մնացականեան հանդիպեցաւ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին մէջ եւ Ռուսաստանի ԱԳՆ Դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ կրթութիւն ստացող հայ ուսանողներու հետ:
Ինչպէս«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ողջունելով ուսանողները` ԱԳ նախարար Մնացականեան համոզմունք յայտնեց, որ Դիւանագիտական ակադեմիայի եւ ՄԳԻՄՕ -ի նման հեղինակաւոր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ստացած որակեալ մասնագիտական կրթութիւնը գիտելիքներու հարուստ պաշար կու տայ եւ ամուր հիմք կը հանդիսանայ անոնց յետագայ գործունէութեան համար, ըլլայ ատիկա դիւանագիտական, թէ այլ ասպարէզներու մէջ:
Զոհրաբ Մնացականեան, ընդգծելով, որ ինքն ալ ուսանած է Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին մէջ, նշեց, որ միջազգայնագէտներու պատրաստաման այս հեղինակաւոր կրթօճախները հարիւրաւոր հայ շրջանաւարտներ տուած են, որոնցմէ շատերն իրենց կարեւոր դերակատարումն ունեցած են նորանկախ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան կայացման գործին մէջ եւ ներկայիս ալ աչքի կ՛իյնան իրենց բարձր մասնագիտական որակներով ու հմտութիւններով ինչպէս ԱԳՆ կեդրոնական մարմնին մէջ, այնպէս ալ` Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մօտ:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հայ ուսանողներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները, միջազգային եւ տարածաշրջանային կարեւորութիւն ունեցող հիմնախնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն եւ ռազմավարական փոխգործակցութեան, իր այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ ատոնց արդիւնքներուն:
Հանդիպման աւարտին Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը պատասխանեց ուսանողներու բազմաթիւ հարցերուն: