Նորա Արմանիի «SR Socially Relevant» Փառատօնին Ընդառաջ

2019թ.   մարտ 15-21 Նիւ Եորքի  «Cinema Village» թատրոնին մէջ կ’իրականացուի  «SR Socially Relevant» փառատօնը: Իր գոյութեան հինգ տարիներուն ընթացքին  SRFF-ը ցուցադրած է 277 ֆիլմ 35 երկրէ:

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, SRFF-ը շահոյթ չհետապնդող  ֆիլմի փառատօն է, որուն նպատակն է օգնել այն բեմադրիչներուն, որոնք իրենց ֆիլմերուն մէջ կը բարձրացնեն ընկերային հարցերու իրազեկութիւնը: Փառատօնը կը մերժէ բռնութեան տարածումը, հետեւաբար, ֆիլմերուն մէջ բռնութիւններու պատկերային նկարագրութիւնը եւս կը մերժուի  յանձնաժողովին կողմէ:

SRFF-ն իր հինգամեակին ցուցադրած է  70 ֆիլմ, 35 երկրէ` ներգաղթի, մարդոց ապօրինի վաճառքի, կլիմայի փոփոխութեան, ծերացման, հոգեկան առողջութեան, հաշմանդամութեան, ընկերային արդարութեան, անօթեւանութեան, կանանց իրաւունքներու մասին:

SRFF 2019-ը կը խոստանայ ունենալ ֆիլմերու եւ համաժողովներու նոյնքան հարուստ եւ հետաքրքիր ծրագիր:

Socially Relevant ֆիլմի փառատօնի հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարը հայազգի դերասանուհի, ընկերաբան Նորա Արմանին է:

Scroll Up