Հայ Հոգեւոր Երաժշտութեան Երեկոյ Շուէտի ՄԷջ

Շուէտի Կոթեպըրկի աւետարանական Հիէլպօ տաճարին մէջ տեղի հայ եւ շուէտական եկեղեցական համայնքները կազմակերպած էին հայ հոգեւոր երաժշտութեան երեկոյ` Հայաստանէն ժամանած տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի եւ երգեհոնարար Լէյֆ Թիւլհագէի համատեղ կատարմամբ: Հանդիսութեան բացման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկան Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի Սկանտինաւիոյ փոխանորդ հոգեշնորհ Տ. Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան եւ Հիէլբօ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Էմանուէլ Ֆիւրպակենը` անդրադառնալով նաեւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան արուեստի իւրայատկութեան ու բացառիկ մեղեդայնութեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան Սկանտինաւիոյ հոգեւոր հովուութենէն, հանդիսութեան ներկայ էին Կոթեպըրկի հայ եւ օտար համայնքներու հաւատացեալներ, հոգեւորականներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ Կրեմմիի Շուէտ մրցանակակիր, երգահան Օկէ Փարմերուտը:

Հանդիսութիւնն ամփոփուեցաւ հոգեշնորհ հայր Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:

Scroll Up