Իսի-Լէ-Մուլինոյի Քաղաքապետարանը Իր Նամակներուն Վրայ Կը Նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը

Փարիզեան արուարձան Իսի-լէ-Մուլինօ քաղաքի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի հայկական համայնքի հարցերու կց-որդ Արթիւր Խանճեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին առթիւ քաղաքապետարանը որոշած է իր բոլոր նամակներու պահարաններուն վրայ Մայիս 28էն մինչեւ տարեվերջ զետեղել Հայաստանի զինանշանը եւ քովն ալ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակ. 1918-2018. Իսի-լէ-Միւլինօ: Բարեկամ քաղաք»:

Իսիի քաղաքապետարանը նման նախաձեռնութիւն ունեցած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:

Scroll Up