Gata band Ազգագրական Խումբը Մասնակցած Է Ալմաթի Մէջ Կայացած Փառատօնին

Ալմաթիի The Spirit of Tengri ազգագրական ամէնամեայ փառատօնին ամէն տարի կը մասնակցին մշակութային խումբեր աշխարհի տարբեր ծայրերէ, նոյնիսկ Ափրիկէյէն: Կազմակերպիչը Tengri FM ռադիոկայանն է, որ կը տնօրինէ նաեւ Tengrinews տեղեկատուական կայքը եւ բարձր կը համարէ եւ մեծ լսարան ունի Ղազախստանի մէջ: Այս տարի փառատօնին կը մասնակցէին մշակութային խումբեր աշխարհի 14 երկիրներէ: Փառատօնի նորեկը Հայաստանէն ժամանած Gata band ազգագրական խումբն էր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ղազախստանի հայերու «Մասիս» միութեան փոխնախագահ Արամ Նաւասարդեան, ի պատիւ մեր հայրենակիցներուն` պէտք է նշել, որ անոնք հէնց սկիզբէն նուաճեցին ինչպէս կազմակերպիչներու, այնպէս ալ հանդիսատեսի ջերմ համակրանքը: Խումբի հիմնադիրներու` Անդրանիկ սարկաւագ Մանուկեանի ու Գարիկ Առաքէլեանի ղեկավարութեամբ հայ արուեստագէտները յաջողութեամբ ներկայացուցին հայկական ժողովրդական երգարուեստը: Անդրանիկ սարկաւագ Մանուկեանի, Գարեգին Առաքէլեանի, Արթուր Բալայեանի եւ Վահան Զաքարեանի ելոյթը բուռն ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ: Նուագելով ամենատարբեր երաժշտական գործիքներ` տուտուկ, զուռնա, պկու, քամանի, պլուլ, սազ, տհոլ, դափ, պարկապզուկ, նոյնիսկ պարսկական սանտուրա, աֆրիկական կալիմպու, լատինամերիկեան հարուածային գործիքներ եւ պելճիգական քելստոուն` հայ արուեստագէտները հմայեցին ներկաները:
Ուշագրաւ է, որ համոյթը նորովի կը ներկայացնէ հայկական ազգային երգերը` տալով ատոնց նոր շունչ, որուն շնորհիւ մեր ազգային երգի գոհարները ե՛ւ մատչելի, ե՛ւ հոգեհարազատ կը դառնան երիտասարդութեան, բայց եւ միեւնոյն ժամանակ կը պահեն հայկական ոգին: Խումբին համար հայ ազգային երգարուեստը ներկայացնելը, պահպանելն ու տարածելը գլխաւոր նպատակ է, թէեւ քաջ կը գիտակցին, որ ռապիզը աւելի պահանջուած է շուկայի մէջ եւ հնարաւոր է` աւելի շահաւէտ ըլլայ:
Փառատօնի աւարտէն ետք հայ արուեստագէտները հիւրընկալուեցան Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» կեդրոնի հայաշունչ օճախէն ներս: Հայկական ճաշի սեղանի շուրջ բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ ծայր առաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն այնպէս կը կարօտնան հայրենիքէն հեռու ապրող հայերը: Հարցերու շրջանակը մեծ էր` ինչ կայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը զգայ ժողովուրդը «Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն յետոյ, ինչ նոր ծրագիրներ կը պատրաստուի իրականացնել նոր կառավարութիւնը եւ այլն: Տէ, իսկ աւարտին «Մասիս» միութեան անունով մեր հայրենակիցներուն նուիրեցինք ղազախական փոքրիկ դոմբռաներ եւ Ալմաթիի զինանշանը եւ սիրով ընդունեցինք անոնց խումբի ձայնա-տեսային սկաւառակները: