Արցախցի Մարզիկը Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսակիր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/06/87637.jpg)
Յունիս 1-2 Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած գօտիներով ըմբշամարտի եւ կազախ կուրեսիի Եւրոպայի մեծահասակներու առաջնութեան մէջ Արցախի ձիւդոյի ֆետերասիոնի սան Սօսէ Բալասանեան նուաճած է ոսկէ ու արծաթէ մետալներ` դառնալով Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսակիր:
Հայաստանի Ազգային մարզաձեւերու եւ Կոխի ֆետերասիոններու աջակցութեամբ Եւրոպայի մեծահասակներու առաջնութեան մէջ 55 քկ քաշային կարգին մէջ մասնակցած է Սօսէ Բալասանեան եւ 70 քկ քաշային կարգին մէջ` Գոռ Մկրտչեան:
«Արցախպրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսակիր Սօսէ Բալասանեանին Ստեփանակերտի «Մենք ենք` մեր սարերը» յուշակոթողին մօտ դիմաւորելու գացած են Արցախի ձիւդոյի ֆետերասիոնի սաները:
Ս. Բալասանեան, պատմելով մրցաշարի մասին, ըսած է, որ առաջին օրը` յունիս 1-ին, ինք գօտիներով ըմբշամարտ մարզաձեւին մէջ հինգ դժուարին յաղթանակ տանելով, դարձած է Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսակիր: Երկրորդ օրը կազախ կուրեսիի մարզաձեւին մէջ ան երեք յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն գրանցած է եւ արժանացած արծաթէ մետալի:
Ս. Բալասանեան յաջողութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է իր մարզիչին` Իւան Ազիզբեկեանին:
Արցախի ձիւդոյի ֆետերասիոնի գլխաւոր մարզիչ Իւան Ազիզբեկեանն ալ ըսած է, որ արցախցի մարզիկները, մասնակցելով միջազգային մրցաշարերու, յաղթանակներ կը գրանցեն` բարձր պահելով Արցախի դրօշը, արցախցիի պատիւը: