Շփանկէնպըրկի Մանկութեան եւ Այնճարի “Levantine Childhood” Ցուցահանդէսը Գերմանիոյ Մէջ

Օգոստոս 17-ին, ժամը 17։00-ին, Գերմանիոյ Մարք Պրանտենպուրկի ամենահին տան մէջ (1409թ.), պիտի ցուցադրուին Ճոնաթան Շփանկէնպըրկի գեղարուեստական նկարները։

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Ճոնաթանի մանկութեան եւ Այնճարի հետ կապուած մօտ 40 նոր աշխատանք:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 15։

Սիրով հրաւիրուած են բոլորը։

Նշենք, որ Ճոնաթան Շփանկէնոպըրկ ծնած է Գերմանիա, 1983-ին։ 1984-2004թթ. ապրած է մուսալեռցիներու ստեղծած Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ, 2004-ին՝ ուսանելու նպատակով՝  վերադարձած է Գերմանիա։ 2008-ին՝ կեանքի ճանապարհը զինք տեղափոխած է Հայաստան, այնուհետեւ՝ 2010-ին, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ 2013-ին կրկին Լէվանդ։ Այս «պտոյտ»-ին ընթացքին, 2009-ին, սկսած է նկարչութեամբ զբաղիլ։

Նկարներն ու անոնց հետ կապուած պատմութիւնները, որոնք պիտի ներկայացուին “Levantine Childhood” անունը կրող ցուցահանդէսին, ստեղծուած են Պրանտէնպըրկի մէջ, ուր ան կ՝ապրի 2015-էն ի վեր։

Scroll Up