«Այնչափ Կարեւոր Կը Համարեմ Լրագրողներու Համաժողովներու Կազմակերպումը». Տիանա Տէր-Կարապետեան
Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեան Հայաստան այցելած էր` արժանթինահայ ուխտաւորներու հետ ներկայ գտնուելու Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, շրջագայելու Հայաստանի տեսարժան վայրերով, ապա մայիս 30-էն յունիս 1 մասնակցելու Սփիւռքի նախարարութեան «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագիրը կրող Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին:
«Նախարարութեան հետ սերտ կապի մէջ ըլլալով` այնչափ կարեւոր կը համարեմ այսպիսի համաժողովներու կազմակերպումը, քանի որ բացի Հայրենիք այցելելէն, նաեւ նոր ծանօթութիւններ հաստատելու, գործընկերներով ոլորտին առնչուող հարցեր քննարկելու եւ յետագայ համագործակցութեան ուղիներ փնտռելու հնարաւորութիւն կ՛ունենանք»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ գլխաւոր խմբագիրը:
Համաժողովի ընթացքին իր զեկոյցին մէջ անդրադառնալով արժանթինահայ տպագիր մամուլի հիմնախնդիրներուն` Տիանա Տէր-Կարապետեան շեշտած է, որ համացանցային այս դարաշրջանին, չնայած առկայ դժուարութիւններուն, ան առանց վհատելու առաջ կը տանի իր աշխատանքները` Սփիւռքի մէջ նպաստելով հայապահպանութեան:
Աւելցնենք, որ «Սարդարապատ»ն առաջին անգամ հրատարակուած է 1975 թուականին` իբրեւ երկշաբաթաթերթ, իսկ արդէն 1980 թուականէն ետք վերածուած է շաբաթաթերթի: Այն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Թէքէեան» մշակութային միութեան պաշտօնաթերթն է:
Թերթը ստեղծեած է ՌԱԿ հիմնադիրներէն Նահապետ Նահապետեան, որ իր գործունէութեան տարիներու ընթացքին մեծ նուիրումով եւ սրտցաւօրէն աշխատած է: