«Պատուաբեր Անցեալէն` Յաղթական Ապագայ» Նշանաբանով Մայիսեան Արժանավայել Փառատօն` Հայոց Պատմութեան Մէջ Երկու Կարեւոր 100-ամեակներու Նուիրուած

Մէկ դար առաջ արեամբ եւ մարտնչումներով հիմը կը դրուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, որ հայութեան համար փառք ու պարծանք ըլլալու կողքին, հանդիսացաւ այն հիմնաքարը, որուն վրայ կերտուեցան նորանոր նուաճումներ, յաղթանակներ ու ձեռքբերումներ:

paradon11_6318

Մէկ դար առաջ նուիրումով եւ ազգին ու յատկապէս նոր սերունդներուն ծառայելու վճռակամութեամբ հիմը կը դրուէր  ՀՄԸՄ-ին, որ նուէրի մը համազօր էր անկախ Հայաստանի համար, եւ որուն դրօշին տակ պիտի բոլորուէր ամբողջ հայ պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը` դառնալու համար մարմնով առողջ եւ կորովի, մտքով` պայծառ եւ արթուն, հոգիով` մաքուր եւ ամուր, նկարագիրով` ուղիղ եւ գաղափարապաշտ:

Ո՜վ կրնայ հպարտութեամբ չլիանալ` այս երկու կարեւոր դէպքերուն 100-ամեակը նշելով, ո՜վ կրնայ անտարբեր դիտել ու չյուզուիլ, երբ նորափթիթ սերունդներուն աշխատանքով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը խոյանար Սարդարապատի յուշակոթողին մանրակերտը, երբ կը ծածանէր Եռագոյնը, կը տողանցէին իրենց տոտիկներով առնուած քայլերով գետինը ցնցել ուզող գայլիկներն ու արծուիկները, ո՜վ կրնայ իր կուրծքին տակ չզգալ բերկրանքը վերապրած ազգի մը արժանի զաւակը ըլլալու, երբ կը տողանցեն արիներն ու արենուշները, ո՞վ կրնայ իր գլուխը չբարձրացնել եւ դէպի ապագայ յոյսով չնայիլ, երբ «դէպի երկինք սլանալու» տպաւորութիւն ձգող բարձրաճակատ գլուխներով ժողովուրդը կ՛ողջունեն երէցներն ու պարմանուհիները, տակաւին որքա՜ն յուսադրիչ էին մարզական խումբերը, որքա՜ն ոգեշնչող է աշակերտներուն արշաւը, որքա՜ն տպաւորիչ է շեփորախումբին կշռոյթը:

«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ այս բոլորին ականատես եղաւ լիբանանահայութիւնը երէկ` 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան: Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու, «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագայ» նշանաբանով մայիսեան փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլերգներով:

Ապա տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն. նախկին խմբապետներ Աբօ Մոսիկեան եւ Յասմիկ Մուրատեան Շրջանային խմբապետութեան հետ կատարեցին ջահավառութիւնը: Անկէ ետք խումբ մը սկաուտներ գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին դաշտին մէջտեղ պատկերուած Արարատի ստորոտին անոնք կազմեցին Արեւմտահայաստանի քարտէսը, ապա գործադրեցին պարերու շարք մը եւ ֆլեշմոպ` Սարդարապատի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100- ամեակի յուշակոթողներու մանրակերտերուն դիմաց:

Ֆլեշմոպի ընթացքին մէջբերուեցաւ նաեւ 100-ամեակի յուշակոթողին մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի արտասանած խօսքէն բաժին մը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապագեան, որ դաշտը լեցուցած ժողովուրդն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները ողջունելէ ետք դիտել տուաւ, որ իր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն ՀՄԸՄ-ը հանդիսացաւ ոգեւորիչ ուժ, ծառայեց հայութեան` հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս, եղաւ մարզական խաղերուն առաջնորդն ու դրօշակիրը, կերտեց յաղթանակներ` ժողովուրդին պարգեւելով փառքի ու պարծանքի օրեր: Ան ըսաւ, թէ իր գոյութեան 100 տարիներուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ը եղաւ ծննդավայրը սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան` սատարելով նաեւ ազգապահպանման, հայ անհատի դաստիարակութեան` ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:

Հ. Թապագեան անդրադարձաւ 100 տարի առաջ կերտուած Հայաստանի անկախութեան, որ հիմքը հանդիսացաւ այսօրուան անկախ Հայաստանին` աւելցնելով, որ 100 տարի առաջ եւս հիմնադրուած ՀՄԸՄ-ը իր շուրջ ունեցաւ սկաուտական թէ մարզական հզօր բանակ մը, որ նուիրաբերումով եւ զոհողութեամբ ծառայեց ազգին ու տէր կանգնեցաւ Եռագոյնին:

«Երկար ուղի կտրած է ՀՄԸՄ-ը` հասնելու իր գոյութեան այս պատուաբեր փուլին, որուն ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած են բազմաթիւ արժէքաւոր ՀՄԸՄ-ականներ: Անոնք գործեցին ու անցան` անոնց գործն ու արցախեան ազատագրական պայքարին համար նահատակուած Վարդան Բախշեաններն ու Վիգէն Զաքարեանները վկայ: Ազգային սկզբունքներու վրայ հիմնուած ոեւէ կազմակերպութիւն կամ միութիւն, որ կը գոյատեւէ եւ կ՛ունենայ իր հիմնադրութեան ամեակները, անպայման այս բոլորը կը պարտի իր անդամներու հաւաքական ճիգերուն, զոհաբերութեան եւ կամաւոր աշխատանքին: Պիտի տանք` ի շահ ազգին ու հայրենիքին, որպէսզի անաղարտ մնայ մեր ազգային դիմագիծը, միութենական ոգին եւ հաւաքական կամքը», շեշտեց ան:

Հայկ Թապագեան հաստատեց, որ իրենց նախորդներուն նման այսօրուան միութենականներն ալ յանձնառու են շարունակելու առաքելութիւնը` շնորհիւ հայու գիտակցութեան եւ ՀՄԸՄ-ականի հաստատակամութեան, 100-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը պատրաստ է քալելու հիմնադիրներուն ուղիէն` պատրաստելու առողջ, պարտականութեան գիտակից, արի ու վեհանձն սերունդներ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Գառնիկ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ արդար հպարտութեամբ այսօր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը փառատօնով մը կը նշէ հայկական պետականութեան վերականգնման եւ իր սիրելի միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի զոյգ տարեդարձները:

Անդրադառնալով 28 մայիսի կարեւորութեան` Գ. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ այդ օրը նոր էջ կը բացուէր հայոց պատմութեան մէջ, ազատ ու անկախ իր երկրին մէջ հայը կը դառնար լիիրաւ քաղաքացի, կ՛ունենար բանակ, խորհրդարան, կառավարութիւն, դատական եւ դիւանագիտական համակարգ, Հայաստան վերստին կը յայտնուէր աշխարհի քաղաքական քարտէսներուն վրայ, եւ հայ մարդը կը վերագտնէր ազգային իր արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը: Այդ վերազարթօնքին մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան ակնարկելով` ան ըսաւ. «Նոր հայութեան ստեղծման ճիգին իր մասնակցութիւնը կը բերէր նոյեմբեր 1918-ին հիմնուած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, որ հազիւ ստեղծուած, կը լծուէր որբերէն կամաւոր բանակ պատրաստելու նուիրական աշխատանքին, հայ նորահաս սերունդները կրթելու, դաստիարակելու եւ հայեցի առողջ մթնոլորտի մէջ մեծցնելու առաքելութեան: Հայութեան ծոցէն եւ հայութեան համար ծնած այս միութիւնը, այնուհետեւ, մայիս 28-ին հետ կը շարունակէր իր անբաժան երթը եւ իր անփոխարինելի տեղը կ՛ունենար մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: ՀՄԸՄ-ը կը դառնար մայիս 28-ի արժէքներուն դրօշակիրը եւ Եռագոյնին պաշտպանը»:

Գառնիկ Մկրտիչեան լուսարձակի տակ առաւ միութեան 100 տարուան բեղուն կեանքն ու հարուստ գործունէութիւնը` հաստատելով, որ ամբողջ դար մը միութիւնը եղաւ ազգային արժէքներու պահապան, ազգային սերունդներու կերտիչ եւ ազգային իրաւունքներու հետապնդման նուիրուած միութիւն, որուն սկաուտական եւ մարզական շարքերուն մէջ հասակ առին իրերայաջորդ սերունդներ` այս համոզումով, այս դաստիարակութեամբ եւ «միշտ պատրաստ» գործելու տրամաբանութեամբ: Անդրադառնալով փառատօնին` ան ըսաւ, թէ անիկա միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններէն մէկն է միայն, իսկ գլխաւոր տօնակատարութիւնները ընթացք պիտի առնեն այս ամառ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումով, շքեղ տողանցքով, Վահան Չերազի կիսանդրիին բացումով եւ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը հաստատեց, որ 100-ամեակը տօնակատարութիւններէն անդին առիթ է ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար վերանորոգելու իր ուխտը` ազգային մեր ընդհանրական նպատակներուն ծառայելու, կերտելու հայ նորահաս սերունդներ` ազգային առողջ մթնոլորտի մէջ, իրենց ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ  յանձնառութեան գիտակից: Ան աւելցուց, որ մերօրեայ բազում մարտահրաւէրներու լոյսին տակ միութեան ուսերուն դրուած է մեծ ու պատասխանատու բեռ` մեր պատանիներն ու երիտասարդները համախմբելու, դաստիարակելու եւ ազգային նպատակներով առաջնորդելու համար: «ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը լաւ պէտք է սերտել` տեսնելու համար, թէ մարմնակրթական այս միութիւնը ինչպէ՛ս կրցած է դար մը ամբողջ կանգուն մնալ հաւատաւոր սկաուտներու, նուիրեալ մարզիկներու եւ անձնուէր վարչականներու նիւթական ու բարոյական հսկայական զոհողութիւններուն շնորհիւ: ՀՄԸՄ-ի անցեալը լաւ պէտք է ուսումնասիրել` գիտնալու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ միութենականութիւն, ի՛նչ կը նշանակէ մարզական ոգի, ի՛նչ կը նշանակէ կամաւոր աշխատանք, լուռ եւ հետեւողական ծառայութիւն, առանց որեւէ ակնկալութեան ու վարձատրութեան», յայտնեց ան:

Ապա Գառնիկ Մկրտիչեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ժողովուրդ սերտ ու անկեղծ կապը` նշելով. «Մեր ժողովուրդը ակնածանքով կը նայի ՀՄԸՄ-ին, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ ան ազգային ներշնչումի եւ խանդավառութեան մնայուն աղբիւր կը հանդիսանայ: Երբ «Յառաջ նահատակ»-ը կը հնչէ մեր մարզադաշտերուն վրայ, ամբողջ հայ ժողովուրդի զաւակներուն սրտերն են, որ կը թնդան ազգային ապրումներով: Երբ մեր տղաքն ու աղջիկները կը տողանցեն դաշտերու վրայ` հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան է, որ կը պարզուի մեր դիմաց: Երբ մետալակիր մեր մարզիկները կը դիմաւորենք` իրենց յաջողութիւններուն մէջ հաւատաւոր միութենականներու քրտինքն ու վաստակն է, որ կը տեսնենք: Ու երբ  մեր մատղաշ սկաուտները կը տեսնենք, անոնց մէջ վաղուան յանձնառու հայերն են, որ կ՛ողջունենք»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գ. Մկրտիչեան ըսաւ, որ 100-ամեակը բոլորած միութիւնը յառաջիկային եւս պիտի մնայ աւելի հայկական, աւելի՛ ընդհանուր եւ աւելի՛ արդիական միութիւն` աշխարհասփիւռ իր 110 մասնաճիւղերով, իր հայրենատենչ սկաուտներով ու հայրենակարօտ մարզիկներով:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններուն զոյգ պատգամներու ունկնդրութենէն ետք սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն տողանցքը: Տողանցքին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որուն Եռագոյն դրօշներով հետեւեցան ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող խումբ մը տղաք, ապա մուտք գործեց Լիբանանի դրօշը:

Յատկանշական եղաւ հայկական Եռագոյնի դաշտ մուտքը, որ ներկայ հազարաւոր բազմութեան մօտ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Այս տարի առաջին անգամն ըլլալով Եռագոյնով տողանցեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական բանակի խումբ մը զինուորներ, որոնք արժանացան լիբանանահայութեան ջերմ ծափողջոյններուն: Անոնք տողանցելէ ետք կանգնեցան Արեւմտահայաստանի քարտէսին ետին` իբրեւ պահապան հայոց ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

Եռագոյնէն ետք դաշտ մուտք գործեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի յատուկ դրօշը, որուն յաջորդեց Շրջանային խմբապետութեան տողանցքը:

Ապա յաջորդաբար տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերը` Պէյրութի, Զահլէի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի եւ Պաուշրիէի մասնաճիւղերուն սկաուտական բոլոր խումբերը իրենց երէցներով, պարմանուհիներով, արիով ու արենուշով, գայլիկներով, արծուիկներով ու մոկլիներով:

Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած եւ Մայիսեան փառատօներուն մնայուն կերպով մաս կազմող վեթերան ՀՄԸՄ-ականներու հսկայ փաղանգին տողանցքը կատարուեցաւ այս տարի եւս:

Ապա դաշտ մուտք գործեցին ՀՄԸՄ-ի մարզական միաւորները, որոնց շարքին` ֆութպոլի դպրոցը, ֆութպոլի ներկայացուցչական կազմն ու կրտսերները, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց ախոյեան խումբերը` իրենց տիրացած երեք ախոյեանութիւններու բաժակներով, փինկ փոնկի ախոյեաններու խումբը, աթլեթիզմի, հեծելարշաւի, թրիաթլոնի խումբերը, ճատրակի մարզիկները, ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մարզիկները, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Պաուշրիէի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մարզիկները, ինչպէս նաեւ քոնկ ֆուի եւ ուու շուի մարզիկները:

Տողանցքին միացան նաեւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային միացեալ վարժարանը, Անարատ յղութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանը, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանը եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Գէորգ Հարպոյեան վարժարանը:

Տողանցքի աւարտին խումբ մը սկաուտներ հայերէն տառերով կազմեցին 100-ամեակի նշանաբանը` «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագայ»:

Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակները` դիտել տալով, որ միութիւնը իր գոյութեան բովանդակ տեւողութեան Եռագոյնի խորհրդաւոր հովանիին տակ Հայաստանի սիրով եւ հայութեան ծառայութեան գործին կոչուած սերունդներ կազմաւորեց:

«Անկասկած, մեր ազգային պատմութեան ամէնէն խրոխտ եւ ամէնէն զօրեղ դէպքերէն մէկն էր 28 մայիս 1918-ին հռչակուած Հայաստանի անկախութիւնը, որ կ՛իրականանար Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներու մթնոլորտին մէջ, վեց դարերու ստրկութեան մռայլ պայմաններէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը համարեա դարձած էր արիւնաքամ եւ Հայաստանը բոլորովին լքուած իր բախտին` իրողապէս անէանալու սպառնալիքին տակ»,  ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այդպիսի դառն պայմաններու մէջ էր, որ, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, ոտքի կանգնեցաւ հայութիւնը, մղեց ճակատամարտեր, արիւնը խառնեց հայրենի հողին ու իր սեփական բազուկի ուժով ապահովեց իր ազատութիւնը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով պարտինք հեղ մը եւս նայիլ մեզի ազատութիւն պարգեւած մեր ազգի հերոսներու կեանքին օրինակին, որպէսզի կենդանանանք հաւատքով, տեսիլքով, երազով, իղձերով եւ իտէալներով: Այլապէս ի՞նչ կ՛արժէ 100 տարի առաջ ձեռք բերուած ազատութիւնը, եթէ այսօրուան մեր կեանքով եւ աշխատանքով մենք չենք ձգտիր հասնելու մեր ժողովուրդին անկատար իղձերուն եւ տենչերուն: Ի՞նչ կ՛արժէ ազատ ու անկախ Հայաստանը, եթէ անոր հողին ու քարին մէջ չենք ուզեր զետեղել սեփական մեր կարողութիւններուն դրոշմը: Ի՞նչ կ՛արժէ ազատութիւնը, եթէ չենք ձգտիր աւելի լուսաւոր ու պայծառ արշալոյսներ քանդակել հայրենի երկնակամարին վրայ ու դէպի նոր վերելք եւ յաղթանակ առաջնորդել մեր կեանքին ճամբան», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Այս պարունակին մէջ առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց` ազգովին ոգեւորուելու, որպէսզի Լիբանանի մէջ ու աշխարհի չորս ծագերուն շարունակենք ապրիլ իբրեւ հայ մարդ, որ գալիք 100-ամեակներու յուսավառ իրադարձութիւններուն տեսիլքով պիտի մղէ իր ազգային գոյապայքարը:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ պէտք է փառք տանք Աստուծոյ համայնական մեր կեանքին մէջ գործող մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար, որոնք «ազատ ու անկախ Հայաստանի սիրով, մեր ժողովուրդի բարոյական ամրութեան համար, հանապազօրեայ աշխատանքով մեզի հետ են սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեր ազգի մատղաշ սերունդը լսէ Հայաստանի կանչն ու վառ պահէ ազատութեան ու անկախութեան տեսլականը»:

Մայիսեան փառատօնը աւարտեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով ու հրավառութեամբ:

Scroll Up