Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Փառատօն Լիբանանի Մէջ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 2 Յունիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած փառատօնը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատան մէջ: Կառատունը կէսօրուան ժամը 12:00-էն լեցուն էր ձայնովը մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք կը մասնակցէին իրենց համար պատրաստուած բազմաթիւ խաղերուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը ստանձնած էին կրպակներ, որոնց մէջ կը վաճառուէին ուտեստեղէն, խաղալիքներ: Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբը ելոյթ ունեցաւ եւ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ելոյթ ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտական պարախումբը եւ ներկայացուց հինգ հայկական պարեր: Ապա ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը այցելութիւն տուաւ փառատօնի վայր եւ մեծապէս ուրախացուց իրեն սպասող փոքրիկներն ու պատանիները:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին փառատօնի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան ըսաւ, որ 28 մայիս  1918-ի ճակատագրական այդ թուականը եղաւ հիմը անկախ Հայաստանի. պատմական հզօր իրագործում մը, որ կարելի եղաւ իրականացնել հայ ազգի ազնուական նուիրաբերումներով: «Երեւանը չենք դատարկի» կոչով Արամ Մանուկեան առաջնորդեց ժողովուրդը դէպի հայավայել յաղթանակ: Դաշնակցութեան պայքարի եւ զոհաբերութեան ոգին ուղեցոյցն էր հայկական կամաւորական գունդերու կենաց մահու մարտնչումներուն, վախճանը անտարակոյս յաղթանակն էր Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի մէջ: Մեր ժողովուրդը դարձեալ յաջողեցաւ փաստել, որ հայ անհատի ազատատենչ ոգին անկարելի է խորտակել, եւ երբ հայրենիքը կը կանչէ, համեստ հողագործէն կը ծնի չխորտակուող հայդուկ, ուսուցիչէն կը ծնի անձնուրաց ֆետայի:

Լափաճեան նաեւ ըսաւ, թէ արդէն մէկ դար անցած է հայ ժողովուրդի փառապանծ յաղթանակէն, եւ տակաւին մինչեւ այս պահը ոխերիմ թշնամին կը թակէ մեր հայրենիքի դուռը, բայց եթէ երէկ մենք յաջողեցանք գերմարդկային զոհաբերութիւններով իրականացնել երազ մը, ապա այսօր ալ յաջողեցանք անգամ մը եւս արձանագրել մեծ յաղթանակ մը` անկախ Հայաստանի դարպասը հանդիսացող Արցախի ազատագրութեամբ: Մենք վստահ ենք, որ վաղն ալ, եթէ կրկին մարտի զանգերը ղօղանջեն, Դաշնակցութեան նուիրումի կարմիր դրօշով եւ հաւատամքով զրահաւորուած դարձեալ պիտի նետուինք մարտի դաշտ եւ կերտենք նորանոր յաղթանակներ յանուն հայրենիքի:

Ան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, որ «հաճոյք է մեզի համար յաղթական ոգիով տօնախմբել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի այնքան խորհուրդ պարունակող առիթը` փաստելով կասկածամիտներուն, որ հայ ժողովուրդը տէրն է իր մշակոյթին, լեզուին, երգին ու պարին, իր հարազատ էութեան` վերածելով մշակոյթը ոգեղէն ուժի եւ կենարար սնունդի»:

Այնուհետեւ Հրակ Մամիկոնեան ապրումով ասմունքեց Դաւիթ Յովհաննէսի «Եռագոյն դրօշակ» բանաստեղծական կտորը, ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան Վիգէն Տիշչեքենեան, Յարութ Լափաճեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճեմեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Յակոբ Մկրտիչեան, որոնք ազգային- հայրենասիրական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Scroll Up