Հայերը Տիարպեքիրի Ոչ Թէ Հիւրերն են, Այլ Բնիկները. Տէմիրթաշ

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (ԺԺԿ-HDP) նախկին համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշ, որ այժմ կը գտնուի բանտ, հարցազրոյց մը տուած է «Ակօս» թերթին:
Տէմիրթաշ անդրադարձած է Տիարպեքիր քաղաքի մէջ հայերու պատմութեան, ինչպէս նաեւ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին: Վերջինս պիտի մասնակցի Թուրքիոյ մէջ Յունիս 24-ին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ան Տիարպեքիրէն առաջադրուած է որպէս պատգամաւորի թեկնածու:
«Ակօս»-ի թղթակից Ոյգար Կիւլթեքինի հետ զրոյցի ընթացքին Տէմիրթաշ մասնաւորապէս ըսած է.
«Կարոն Տիարպեքիրին կը վայելէ , իսկ Տիարպեքիրը` Կարոյին: Ժամանակին Տիարպեքիրի մէջ շատ մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ կային: Տիարպքիրէն Կարոյի պատգամաւոր ըլլալը տխուր պատմութեան տրուած ամբողջական պատասխան է: Համոզուած եմ Տիարպեքիրի ժողովուրդը Կարոյին պիտի հիւրընկալէ պատմական գիտակցութեամբ եւ ոգեւորուածութեամբ: Կարոն Տիարպեքիրի համար օտար չէ: Կը հաւատամ, որ անոր եւ Տիարպեքիրի երիտասարդներու միջեւ պիտի ստեղծուի լաւ հաղորդակցութիւն: Իրեն յաջողութիւն կը մաղթոեմ: Հայերը Տիարպեքիրի ոչ թէ հիւրերն են, այլ բնիկները»:
Տէմիրթաշ նաեւ ըսած է, որ անցեալին Տիարպեքիրը բազմազգ բնակավայր էր, եւ նոյնիսկ իր մանկութեան ժամանակ հայեր կային այնտեղ: ըստ անոր` բացի Հայոց Ցեղասպանութենէն, տեղի հայերու արտագաղթի պատճառ դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ 1980-90 թուականներու տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Բռնաճնշումներու հետեւանքով հայերը լքեցին իրենց բնակավայրերը: