Սարդարապատի Հարիւրամեակը Ուրուկուէյի Մէջ. Հայոց Սրտերը Դեռ Կը Բաբախեն

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մայիսեան օրերուն ապրեցաւ իր նոր գարունը՝ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը եւ թերեւս անոր հաստատումը ըլլայ ամենակարեւոր տուրքը Մայիսեան տօներու հարիւրամեակին:
Հազարաւոր քիլոմեթրերով այդ իրողութենէն հեռու, շատ անգամ այդ իրողութիւններուն անհաղորդ, հայապահպանման պայքարի մէջ շատ անգամ պարտուողական, հայ եկեղեցիի, դպրոցի եւ կազմակերպութիւններու խորին տկարութեան մէջ, բայց հեռաւոր Ուրուկուէյի մէջ ալ հարիւրամեակի առիթը բաբախեցուց հայոց սրտերը եւ համախմբեց անոնց:
Հրանդ Մաթեւոսեանի խօսքով, յիշողութիւնն է, որ մարդուն կը տարբերէ անասուններէն: «Ծառեր»-ու մէջ արտայայտուած այս գաղափարը կը վերաբերի մասնաւորապէս վրէժ պահելու գաղափարին, միւսի պատճառած ցաւը չի մոռնալու հանգամանքին, բայց թէեւ այդ դրուագները շատ են մեր պատմութեան մէջ կարեւոր է նաեւ յիշել ու գնահատել մեր պատմութեան հերոսական դէպքերը, լինելութեան համար մղուած պայքարները: Այդ իմաստով կրնանք ըսել Պարոյր Սեւակի հետ, որ ջանք առանք Աւարայրի մէջ եւ մեր շունչը տուինք Սարդարապատի պատի տակ: Եւ այդ հերոսամարտի նշանակութիւնը հասկնալով էր, որ Ուրուկուէյի հայ համայնքը մեծ շուքով տօնեց Սարդարապատի հարիւրամեակը՝ այն գոյամարտը, որ երկար դարերու մաքառումէն ետք թոյլ տուաւ հռչակել հանրապետութիւնը, վերականգնել հայոց պետականութիւնը: ՌԱՏԻՕ ԱՐԱՔՍ–ի կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Հայ Ազգային Կեդրոնի օժանդակութեամբ եւ գաղութի գործող ուժերու մասնակցութեամբ Մայիսի 25 ին, Մօնթէվիտէոյի Movie թատրոնի լեփ-լեցուն սրահին մէջ, գաղութն իր յանգանքի տուրքը մատուցեց, Սարդարապատի, Պաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսներուն: Սեւակի խօսքով, անգամ մը եւս սերունդներն իրենք իրենց ճանչցան Սարդարապատէն: Տեղի ունեցածը սակայն ոչ միայն յարգանքի տուրք էր, այլ գեղարուեստական բարձրորակ ձեռնարկ, որ ոչ միայն կը վերապատմէր պատմական դէպքերը, այլ վայելել կու տար հայ երգն ու պարը:
Տեսաերիզներով ու խօսքով իրարու հետ կապուած երգերով ու պարերով 700 ներկաներու առջեւ հանդէս եկան Հ Ա Կ ի «Գայեանէ» պարախումբը Կարինէ Կուլուեանի ղեկաւարութեամբ, ՀԲԸՄ ի «Կռունկ» եգչախումբը, Ալվարօ Յակոբեանի ղեկաւարութեամբ, Երեւան 50 նուագախումբը, Մ Հ Մ ի «Գերմանիկ» պարախումբը, Ռօզա Չաքճեանի ղեկաւարութեամբ եւ երիտասարդ երգչուհի Նէկտար Միրակեանը:
Ընդհանուր համադրութիւնը կատարեց բանասէր Յովհաննէս Պոտուքեան, իսկ կազմաերպութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին ՌԱՏԻՕ ԱՐԱՔՍԻ ղեկավարներ Տիէկօ Գարամանուկեանը եւ Նօթարուհի Մարիանա Գարամանուկեանը: Հանդիսութեան ներկայ էին Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Նիկոլայ Սոֆինցքի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գ. Տ. Յակոբ Արք Գելլենտճեանը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետ Գենարիոս Լուսարարեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելիներ Ռենէ Լեւոնեան եւ Օպետ Պոյաճեան:
ՌԱՏԻՕ ԱՐԱՔՍ