Կը Ծրագրեմ Կրկին Այցելել Հայաստան եւ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպիլ Պարոն Փաշինեանի Հետ. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մտադիր է յառաջիկային Հայաստան այցելելու եւ հանդիպելու ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին ան ըսած է Akunq.net-ի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ան նշած է, որ Հայաստան գալը պիտի իրականացնէ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:
Փայլան խօսած է նաեւ ՀՀ իր նախորդ այցին ժամանակ՝ 2017 Սեպտեմբերին, Փաշինեանի եւ ԵԼՔ խմբակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման մասին: «Այն ատեն անոնք իրենց համեստ կուսակցութիւն կը համարէին: Սակայն ես անոնց ըսի, որ կը հետեւիմ իրենց կուսակցական ծրագիրին, որ շատ նմանութիւններ ունի Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան ծրագիրին հետ: Նաեւ ըսի, որ հաստատ պիտի յաջողին, եւ որ ես կ՝աջակցիմ իրենց: Սակայն, իրօք, այն ժամանակ, անգամ ես չէի սպասեր, որ այսքան արագ յաջողութեան պիտի հասնին: Այցէս 6 ամիս անց՝ անոնք Հայաստանի մէջ անաղմուկ յեղափոխութիւն ըրին եւ չքաւորներու, ճնշուածներու ձայնը փողոցներէն, ժողովրդավարական փոփոխութեան քամիով, տեղափոխեցին իշխանութեան ղեկ: Կը ծրագրեմ շուտով, Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, կրկին Հայաստան այցելել եւ դէմ առ դէմ հանդիպիլ պարոն Փաշինեանի հետ»,- ըսած է Փայլան:
Ան նաեւ նշած է, որ հայկական հարցին եւ, ընդհանրապէս, բոլոր ժողովուրդներու խնդիրներուն ուղղութեամբ իր կուսակցութեան քաղաքականութիւնն ու դիրքորոշումը յստակ է. Թէ՛ բոլոր ժողովուրդներու` անցեալին ենթարկուած ցեղասպանութիւններու եւ կոտորածներու հետ առերեսուիլ, եւ թէ՛ ներկայ քաղաքականութեան առումով` հաւասարութեան սկզբունքի վրայ հիմնուած կենսակերպ մը հաստատել: «Մեր պայքարը կը տարուի այդ իսկ ուղղութեամբ: Այս հարցով իմ կուսակցութիւնը ո՛չ մէկ «բայց» կամ «սակայն» չունի: Կուսակցութիւնս կը վարէ բոլոր ժողովուրդներու եղբայրութիւնն ու հաւասարութիւնը հաստատելու եւ անցեալի հետ առերեսուելու քաղաքականութիւն, որ պիտի շարունակէ նաեւ յետագային»,- ըսած է ան: