Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Հայկական Վարժարանի Սաներն ու Ուսուցիչները

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գործող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս հայկական վարժարանի աւագ դպրոցի սաներն ու ուսուցիչները: Հիւրերուն մէջ  էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային սենատի նախագահի գրասենեակի ներկայացուցիչ, համայնքային գործիչ Պայծառ Թոմասեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, հանդիպման վարժարանի սաները նշած են, որ ուխտագնացութեան  եկած են հայրենիք, այցելած են նաեւ Արցախ եւ կիսուած  իրենց տպաւորութիւններով: Նախագահը զրուցած է սփիւռքահայ աշակերտներու հետ, լսած անոնց կարծիքն ու տեսակէտները, պատասխանած տարբեր հարցերու, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին հայրենիքի հզօրացման ու զարգացման, սփիւռքի ներուժի ներգրաւման եւ այլն:

Նախագահը վարժարանի սաներուն յորդորած է միւս տարի կրկին այցելել Հայաստան: «Ձեզնից իւրաքանչիւրը պէտք է իմանայ, որ տուն ունի այստեղ: Սա ձեր տունն է, եւ Հայաստանի նման լաւ տուն աշխարհում չկայ: Դուք փայլուն երիտասարդներ էք, եւ հպարտ պէտք է լինէք, որ հայ եք»,-ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հանդիպման աւարտին Պայծառ Թոմասեան ՀՀ նախագահին  փոխանցած է Քալիֆորնիոյ նահանգային սենատի նախագահի շնորհաւորանքը` աւելցնելով, որ սփիւռքի մէջ կրթուած սերունդը նոյնպէս պատրաստ է ծառայելու հայրենիքին:

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ 1969 թուականէն գործող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանին մէջ շուրջ 1000 աշակերտ կ՛ուսանի:

Scroll Up