Ուրախ եմ Հանդիպելով Հայաստանի Ժողովրդավար Վարչապետին. Վրաստանի Նախագահը Ընդունեց Փաշինեանը

Վրաստան կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առանձնազրոյց ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարգուելաշվիլիի հետ:

Ողջունելով ՀՀ վարչապետը` Մարգուելաշվիլին բարձր գնահատեց երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները եւ նշեց, որ քննարկուած հարցերն ու նախաձեռնութիւնները խթան պիտի հանդիսանան յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու ամրապնդման: «Ուրախ  եմ հանդիպելով Հայաստանի ժողովրդավար վարչապետին: Յոյս ունիմ, որ Ձեր այցը նոր երանգ պիտի հաղորդէ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն, որոնք ունին բազմադարեայ պատմութիւն»,- ըսած է Վրաստանի նախագահը:

Ինչպէս  կը տեղեկացեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ուրախ է Վրաստան կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս պարոն Մարգուելաշվիլիին հանդիպելու եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու յետագայ խորացման ու զարգացման հեռանկարները քննարկելու հնարաւորութեան համար: «Ուրախ եմ, որ իմ այցը Վրաստան կը կայանայ մեր երկրի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական զարգացումներու ֆոնին, համոզուած եմ, որ ժողովրդավարութիւնը մեր երկիրներուն համար ունի կենսական նշանակութիւն: Մեր ժողովուրդներու համոզումը երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ հիմնուած է սիրոյ եւ համերաշխութեան վրայ, եւ մենք ջանքեր պիտի  չխնայենք անոնց նոր թափ հաղորդելու համար»,- ըսած է Փաշինեան` համոզում յայտնելով, որ հանդիպման ընթացքին կարենան ուրուագծել միջպետական համագործակցութեան զարգացման նոր հնարաւորութ­յունները:

Վարչապետը նշած է, որ 2018 թուականը Հայաստանի համար չափազանց յագեցած է բազմաբնոյթ ձեռնարկներու տեսանկիւնէ եւ յոյս յայտնած, որ Գիորգի Մարգուելաշվիլիին հանդիպելու եւս մէկ առիթ կ՛ըլլայ աշնան, Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:

Փաշինեան եւ Մարգուելաշվիլի քննարկեցին հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր:

Scroll Up