Հայուն «Պատմութեան Տրամաբանութիւնը»
Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան
«Ուզեցի որ զաւակս աւելի ապահով տեղ մը ապրի»
Մարտ 2018: Քուէյթէն դէպի Ամսթերտամ, Հոլանտա, օդանաւային թռիչքը բաւական երկար էր: Սկսայ փնտռել զբաղմունքի լաւ միջոցներ եւ առաջին հերթին սկսայ կարդալ հոլանտական օդանաւային ընկերութեան գրքոյկը: Անոր առաջին էջին վրայ կար գրութիւն մը, որուն մէկ նախադասութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեց: «Կեանքը ամբողջ շարժում է եւ շարժումը քեզի յառաջ կը տանի` բառացիօրէն եւ փոխաբերաբար»: Հաւանաբար այդ օր, այդ թռիչքին ընթացքին այս նախադասութիւնը բան մը չըսաւ ինծի, սակայն սկսայ մտածել անոր մասին թէ կեանքը շարժո՞ւմ է. այդ շարժուն դրութիւնը քեզի յառա՞ջ կը տանի, եւ յառաջը իր ամբողջական հասկացողութեա՞մբ ու բովանդակութեա՞մբ:
Կեանքն ու անոր շարժուն իրականութիւնը միայն մեր անձնական կեանքերուն համար չեն, այլեւ` ընտանեկան ու տակաւին հաւաքական ու ազգային կը վերաբերին:Մեր հաւաքական եւ ազգային կեանքերն ալ կը կազմակերպուին ու կը յառաջանան պատմութեան ընթացքին: Ճի՛շդ է, որ նոյն պատմութեան ընդմէջէն մեր կեանքերը կը տանին մեզ դէպի յառաջ` եւ այս կը կատարուի բառացիօրէն ու փոխաբերաբար:
Եթէ մեր ազգային պատմութիւնը կը կերտուի տեղ մը, ժամանակաշրջանի մը մէջ, անիկա սակայն տեղքայլի մէջ չի մնար, այլ` կ՛երթայ յառաջ: Եւ այս յառաջ երթալու հոլովոյթին մէջ կան կեանքերուն մէկը միւսին միացնող օղակները իրենց բոլոր ելեւէջներով, որոնք կը կազմակերպուին ու կը կերտուին իրենց տարբեր բնութագրումներով: Կան նաեւ մեր պատմութեան եւ անոր կերտած կեանքերուն իրարու հետ առընչուող իրականութիւնները: Իրարու հետ այս առնչուածութիւնն է, որ յառաջ կ՛երթայ ու կը կերտէ նոր կեանքեր` նոյնինքն այդ սկսած պատմութեան: Եւ իբրեւ արդիւնք այս յառաջխաղացքին, այս նոր կեանքերն են, որոնք կ՛ընդգրկեն բառացի եւ փոխաբերական բոլոր գրաւականները:
Հայ ժողովուրդին համար 2018 տարին յատկանշական է: Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակն է: Այս հանրապետութիւնը, որ ծնաւ դժուար պայմաններու մէջ, եւ նոյնքան ու աւելի դժուար իրավիճակներով, սակայն անիկա հայ կեանքին տուաւ ազգային ինքնութեան իւրայատկութիւն, իմա` հիմնաքարը հանդիսանալով, իր կերտած ազատութեան ամբողջական հասկացողութեան ընդմէջէն:
Սիմոն Վրացեան կը նկարագրէ այս հայուն իւրայատուկ ազգային ինքնութիւնը` «իր տունը» հասկացողութեամբ: «Ինչպէս ամէն մարդ ունի իր տունը, ամէն ազգ պէտք է ունենայ իր տունը: Եւ սեփական տունը պէտք է լինի ազգի գոյատեւութեան հիմնաքարը»:
Սիմոն Վրացեան կրցաւ տեսնել թէ հայուն կեանքը` անոր անհատական, հաւաքական ու ազգային հիմքերով «իր տան» մէջէն է եւ անոր իրականութեամբ է: Նոյն այս «տուն»-ն է որ հայուն պիտի տայ իր ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքը շարունակելու գրաւականը:
Վրացեանի մարտահրաւէրը չուշացաւ: «Հայը նախ եւ առաջ պէտք է շինէ ու շէնցընէ իր տունը»: Ան հաւատացած էր հայուն կեանքին` իմա` տան շէնացման անհրաժեշտութեան, որպէս նոյն հայուն կեանքին յառաջխաղացքը ապահովող երաշխիք: Հայաստանի ու հայ կեանքին տեսլականը ան ներկայացուց հետեւեալ ձեւով. «Մենք դարեր շարունակ հաւկիթ ածեցինք օտարների հաւնոցում եւ երբ ստիպուած եղանք վերադառնալ տուն, մեր հաւնոցը պարապ գտանք: Այժմ աշխատում ենք սեփական տուն ունենալ եւ հաւկիթ ածել մեր հաւնոցում…»: Ան կառչեցաւ հայկական «հաւնոցին» իրականութեան եւ անոր յառաջխաղացքը` տեսաւ Հայաստանի պետականութեան իրականութեան մէջ: Հոն ուր հայը պիտի ապրէր իր ինքնութիւնը` իր հարազատութեամբ: «Այս է պատմութեան տրամաբանութիւնը», ըսաւ ան: «Ամէն ազգ իր տունը պէտք է ունենայ, ամէն տուն` իր հաւնոցը»:
Այս նոյն «տան» 100-ամեակն է, որ կը տօնենք այս տարի: Հոն ուր հայը սկսաւ ապրիլ կեանքը իր հարազատութեամբ, եւ ուր հայուն կեանքը չդադրեցաւ շարժելէ ու յառաջ երթալէ: Ա. հանրապետութեան յաջորդեց Բ.ը, որ սովետական համակարգի մէջ էր, բայց անոր յաջորդեց նաեւ Գ.ը` ներկայ օրերու հայրենի պետականութիւնը: Այս հարիւր տարիներուն վրայ երկարող հայուն պետական կեանքը կանգ չառաւ…, այլ` եղաւ մնայուն շարժումի մէջ` բառացիօրէն եւ փոխաբերաբար, որուն ընթացքին հայը` Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի թէ սփիւռքի մէջ շարունակեց կերտել իր «հաւնոցը»…:
Իսկ ներկայ օրերուն կը զուգադիպին նոյն հայուն ու անոր ստեղծած կեանքի պատմութեան յառաջխաղացքին մէկ նոր տուեալը` այսպէս ըսած «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը ներկայ օրերու Հայաստանի իրականութեանը մէջ: Հոն ուր ժողովրդային մակարդակի վրայ հայը կ՛ուզէ «վերանորոգել» ցարդ իր ստեղծած ազգային-հաւաքական կեանքը: Այս տուեալը նոյն կեանքին ու անոր յառաջխաղաղացքին իրական մէկ մասնիկն է. իրարու հետ շաղկապուած եւ իրարու հետ առնչուած մասնիկը: Այն, որ դարձաւ օրինակելի ու քաղաքակիրթ արտայայտութիւն, փաստելով, որ հայը իր կեանքին այս նոր տարբերակը ստեղծելու յառաջխաղացքին մէջ չդիմեց «քաոս»-ի ու «բռնութեան»: Ան նորը կ՛ուզէ ստեղծել «թաւշեայ» կեցուածքով ու մտայղացումով: Մէկ կողմէ ժողովուրդը փողոց իջաւ խաղաղ միջոցառումներով եւ պահանջեց «նոր»-ը, իսկ միւս կողմէ նոյնքան վեհանձն եղաւ պետութեան եւ վարչապետին` Սերժ Սարգիսեանի կեցուածքը: «Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր: Ես սխալուեցի: Ես թողնում եմ երկրի ղեկավարի, վարչապետի պաշտօնը»: Եթէ ժողովուրդը կը պահանջէ նորը` «թաւշեայ» միջոցառումով, վարչապետը` նոյնպէս: Եւ ինչպէս Կարինէ Սարիբեկեանը նկարագրեց. «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը «սիրոյ յեղափոխութիւն» է ու անիկա կը համապատասխանէ «Առաջին Քրիստոնեայ ազգի քաղաքակրթական արժէքներուն»: Այս արժէքներով, է որ մենք պիտի կարենանք պահել մեր տունը, եւ շարունակենք կերտել մեր կեանքերուն տարբեր յառաջխաղացքները:
Լենա Պալըգճին կուգայ Պոլիսէն: Ան ներկայիս իր փոքր երեխային հետ հաստատուած է Հայաստան: Լենան քոյրն է Սեւակ Պալըգճիին` այն հայ զինուորագրեալին, որ թրքական բանակին մէջ 2011-ին սպաննուեցաւ` անյայտ պատճառներով: Թրքական պետութիւնը մինչեւ այսօր տակաւին չէ յայտնաբերած սպանութեան պատճառները եւ չէ բացայայտած յանցագործները: Անոնց համար Սեւակին մահը պարզապէս արկած էր…: Բայց Սեւակին քոյրը` Լենան տակաւին կը տգնի արդարութեան հասնելու համար: Ան իր երեխան ունեցած էր իր եղբօր սպանութենէն ետք եւ հաստատուած Հայաստան, «որովհետեւ ուզեցի որ զաւակս աւելի ապահով տեղ մը ապրի», կ՛ըսէն ան: Լենային համար չկայ աւելի ապահով տեղ` քան իր «հաւնոց»-ը…: Իր «տուն»-ը…: Հոն, ուր ան իր եւ իր երեխային կեանքը կրնայ կերտել եւ շարունակել ամենայն ապահովութեամբ: Ապահովութիւնը բառացի իմաստով է, սակայն ըսուած է նաեւ փոխաբերաբար: Եթէ բառացին` ֆիզիքական ապահովութիւնն է, փոխաբերաբարը` հոգեկան ու մտաւոր ապահովութիւնն է: Հայուն կեանքին ու անոր յառաջխաղացքին համար շատ կարեւոր է ապահովութիւնը, իր ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր տարբերակներով: Եւ այս տեսակի ապահովութիւն մը հայը ո՞ւր կրնայ գտնել, եթէ ոչ իր սեփական «հաւնոց»-ին մէջ, իր սեփական «տան» մէջ: Այս եղած է հայուն «պատմութեան տրամաբանութիւն»-ը, որ նոյնպէս պէտք է շարունակուի: 100-ամեակի տրամաբանութիւնը, նոյնինքն այս ապահովութեան հասկացողութեան եւ գիտակցութեան մէջ է, եւ սկսած է պատմութեան օրերէն ու շարունակած մինչեւ օրս:
Բայց առկայ է ներկայ ժամանակներու գիտակցութիւնը` եւ տակաւին ներկայ օրերու մեր «թաւշեայ» յեղափոխութեան միտք բանին: Հայը իր նորը կերտելու այս գործընթացը սկսաւ ճիշդ ուղիով` «թաւշեայ» իրականութեան մէջ ու անոր միջոցաւ, սակայն ան կը գտնուի նոյն հոգիով եւ մտածումներով զայն ամբողջացնելու հրամայականին տակ, որովհետեւ հայուն կեանքին համար անհրաժեշտ հրամայական է «ապահովութիւն»-ը: Իսկ ինչպէս որ Մայսթրօ Ամիրխանեանը Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կատարեց «Մենք շատ թշնամիներ ունենք» կարճ ու դիպուկ մատնանշումը, կու գանք հաստատելու, որ այս իմաստով հայուն համար ֆիզիքական ու իր տարածաշրջանի ապահովութիւնը` Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները իրականութիւններ են, որոնք կ՛արժէ պահել ու ամրապնդել: Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ հայուն հոգեմտաւոր ապահովութիւնը, ուր հայը կ՛ապրի իր կեանքը` կատարեալ հարազատութեամբ, կ՛ապրի իր ինքնութեամբ եւ ազգային-քրիստոնէական մշակոյթով: Հայը պարտի կառչիլ իր հոգեմտաւոր ապահովութեան` որպէս իր կեանքին ու անոր շարունակականութեան հիմքը:
«Հայը պէտք չէ կորսնցնէ իր հայու հաւատքը», դարձեալ կ՛ըսէ Մայսթրոն: Հաւատքը` հայկական կեանքին ու հայրենի պետականութեան եւ երկրին, ուր հայուն կեանքը պիտի կերտուի ու շարունակուի, բառացիօրէն եւ փոխաբերաբար: Հայու կեանքին արգասիքը` հայուն տունը, պետականութիւնը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ զայն պահելու ու կեանքի շարժումին իմա` յառաջխաղացքին մէջ ճիշդ հունին մէջ դնելու ճշմարտութիւնն է: Հարիւր տարիներու վրայ երկարող հայուն պատմութեան տրամաբանութիւնը ասոր մէջ է ու ասոր համար է: Այս տրամաբանութեամբ է, որ հայը պէտք է շարունակէ ապրիլ: Եւ այս տրամաբանութեան խորքը հայուն «ապահովութիւն»-ն է, որուն հայը պէտք է շարունակէ հաւատալ: Այս ապահովութեան ընդմէջէն է, որ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ ֆիզիքապէս ու տակաւին իր հոգեմտաւոր աւանդին մէջ մնալ: Այս ապահովութիւնը կրնայ գալ միասնական ջանքով ու հաւաքական միտքով` հայրենի պետականութիւն եւ ժողովուրդին ու սփիւռքին միջեւ: Եւ ան անպայմանօրէն պէտք է իրականանայ «թաւշեայ» միջոցառումով եւ կեցուածքով:
Հայուն պատմութեան տրամաբանութիւնը հայուն տունը կերտելու եւ զայն ապահով պահելու իրականութեան մէջ է: Հոն է, որ հայը պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը` որպէս հայ եւ հայկական պետականութիւն:
Հայուն պատմութեան տրամաբանութիւնը իր ազգային ինքնութեան համար հարազատ կեանք մը կերտելուն մէջ է:
Մայիս 1918-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտուած է նոյնինքն այս հայուն պատմութեան տրամաբանութեամբ: Հանրապետութիւն մը, ուր հայը սկսաւ ապրիլ իր կեանքը` կատարեալ հարազատութեամբ եւ որ մինչեւ օրս կը շարունակուի, ու տակաւին պէտք է շարունակուի:
Հայուն պատմութեան տրամաբանութիւնը: