Հայաստան` Հէլսինքիի «Աշխարհը Մէկ Գիւղ» Բազմամշակութային Փառատօնին ՄԷջ

Մայիս 26-27 Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ «Աշխարհը մէկ գիւղ» փառատօնը, որուն իր ողջ անձնակազմով մասնակցեցաւ «Ֆինլանտա- Հայաստան միութիւն»-ը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ միութեան անդամ Գրիգորի Եղիազարեան, «Աշխարհը մէկ գիւղ» փառատօնը մեծ համբաւ վայելող ձեռնարկ է, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ եւ կազմակերպութիւններ:

«Ֆինլանտա-Հայաստան միութիւն»-ը երկրորդ անգամ կը մասնակցէր փառատօնին, որ կ՛ընձեռէ հիանալի հնարաւորութիւն` ներկայացնելու հայկական մշակոյթը, պատմութիւնը, մշակութային արժէք ունեցող կառոյցները եւ այլն:

Փառատօնը տեղի կ՛ունենար Հելսինքիի կեդրոնին` Քայսանիեմի պուրակին մէջ: Վաղ առաւօտեան տաղաւարը զարդարուած էր հայկական քաղցրաւենիքով, Հայաստանի տեսարժան վայրերու վերաբերեալ գրքոյկներով, քարտէզներով, յուշանուէրներով եւ հայկական աւանդական փախլաւայով:  Ձեռնարկին ողջ ընթացքին կը հնչէր հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն, որ մեծ հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնէր հիւրերուն մօտ: Հիւրերը կը համտեսէին չիրերով եւ ընկոյզներով շոկոլատապատ քաղցրաւենիքը, կը համտեսէին բոլորին կողմէ սիրուած փախլաւան եւ բուռն քննարկում Հայաստանի եկեղեցիները, մշակութային կոթողները եւ տեսարժան վայրերը: Յատուկ հիւրերու համար պատրաստուած էին հայկական ժողովրդական երգերէ կազմուած սկաւառակներ, հայկական նախշերով, զարդերով եւ այբուբենով պատրաստուած յուշանուէրներ:

Այս տարի նոյնպէս «Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան» ներկայացուցիչները ջանասիրաբար կը պատմէին միութեան, միութեան առաքելութեան, յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Անդամներու կողմէ կը ներկայացուէր Հայաստանի գործարար ներուժը եւ ներդրումներու աղբիւրները:

Օրուան ամենակարեւոր իրադարձութիւնն այն էր, որ այս տարի ֆինլանտաբնակ հայերը պատրաստակամութիւն  յայտնած էին մասնակցելու «Արի պարի քոչարի» համահայկական ֆլեշմպին, որ  կ՛իրականացուէր աշխարհի 100-է աւելի երկիրներու մէջ:

Պարի մասնակիցներն ամենայն լրջութեամբ պատրաստուած էին այդ իրադարձութեան: Յատուկ այս ձեռնարկին համար «Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան» անդամները պատրաստած էին շապիկներ եւ գօտիներ ազգային նախշերով` պարը աւելի գունեղ դարձնելու նպատակով: Ժամը 19:30-ին Կայսանիեմի պուրակի բեմը լիովին ֆինլանտաբնակ հայերու տրամադրութեան տակ էր: Ուշագրաւ էր այն, որ հայկական քոչարիին միացան նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ:Երաժշտութեան հէնց առաջին հնչիւնները գրաւեցին ներկաներու ուշադրութիւնը: Քոչարին կ՛ուղեկցուէր բարձր ծափահարութիւններով: Պարի աւարտէն անմիջապէս յետոյ երկու հայ երիտասարդ կատարեցին ազգային պարերէն մէկը` Եարխուշտան: Այդպէս լաւ տրամադրութեամբ եւ բարձր ոգեւորութեամբ աւարտեցաւ փառատօնի առաջին օրը:

Յաջորդ օրը` առաւօտեան, տաղաւարը կարծես «շրջափակուած» ըլլար: Էսթոնիոյ Թալին եւ Թարթու քաղաքներէն ժամանած հայկական «Տայք» եւ «Երազանք» պարային խումբերը նոր եւ թարմ երանգ հաղորդեցին մեր ձեռնարկին: Էսթոնիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները ընտանիքներով ժամանեցին Հելսինքի: Երեխաները իրենց ծնողներուն հետ հանդէս եկան Քոչարի պարով` պուրակի կեդրոնական բեմին վրայ, այնուհետեւ հայկական տաղաւարին առջեւ ֆինլանտաբնակ հայերու հետ պարեցին շուրջպար: Մթնոլորտը շատ յագեցած էր, բոլորը ուրախ էին, կը հնչէին բազմաթիւ ողջոյնի խօսքեր, կը քաջալերէին մեր փոքր համայնքին: Էսթոնիոյ հայ համայնքի համախմբուածութիւնը, մասնակցութեան բարձր մակարդակը եւ ընդհանրապէս` միութեան կազմակերպուածութիւնը միանգամայն օրինակելի է:

Ֆինլանտաբնակ հայերը` ի դէմս «Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան», ցուցաբերեցին մեծ համախմբուածութիւն: Նման ձեռնարկներ հնարաւորութիւն կու տան ներկայացնելու Հայաստանը, հայ մշակոյթը եւ արուեստը: Խումբի իւրաքանչիւր անդամի ջանքերն ուղղուած էին Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու ֆիններու մօտ: Ձեռնարկէն ետք «Աշխարհը մէկ գիւղ» համացանային կայքին մէջ տեղ գտան բազմաթիւ դրական արձագանքներ` կապուած կազմակերպուածութեան, Հայաստանի հնարաւորութիւններու ներկայացման եւ մատուցման հետ: Նման արձագանքներ կը խթանեն ֆինլանտաբնակ հայերուն` շարունակել ներկայացնել Հայաստան` յանուն երկրի զարգացման, ճանաչման եւ բարգաւաճման:

Scroll Up