Լաթաքիահայութիւնը Հանդիսաւոր Տօնակատարութեամբ Յիշատակեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 100-ամեակը

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լաթաքիոյ Մարմինին, Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, լաթաքիահայութիւնը համախմբուած էր ՍՕ Խաչի կեդրոն՝ մասնակից դառնալու ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին կազմակերպած տողանցքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ ծովափի 11-րդ վաշտի սկաուտներն ու գայլիկները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի Մասնաճիւղի սկաուտները ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, ուր հոծ բազմութեան ներկայութեան հնչեցին ազգային-հայրենասիրական եղանակներ:

Ապա Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան ՍԵՄ-ի «Կայծակ» Մասնաճիւղին պատրաստած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարեց:

ՀՀ 100-ամեակի յոբելինական փառաշուք հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Արարատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, ազգային, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու եւ լաթաքիահայ հանդիսականներու:

Հանդիսավարներ Ֆիմի Քիւրքճեան-Լնդեան եւ Յովիկ Մովսէսեան հանդէս եկան բացման խօսքերով:

Հանդիսութեան բացման պատկերը մատղաշ ու երիտասարդ սերունդին վստահուած էր:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ ասմունքող Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան, որ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց մեր մեծանուն բանաստեղծներու քերթուածներէն համադրում մը՝ գովքը հիւսելով մեր չքնաղ հայրենիքին ու շեշտելով մեր ժողովուրդին պայքարելու վճռակամութիւնը: Տիքպիքեան հայրենասիրական ապրումներով պարուրեց հանդիսականներուն հոգիները:

Օրուան բանախօսն էր Քեռի Ղազուրեան, որ նախ ներկայացուց անկախութեան նախորդող տարիներուն Օսմանեան Կայսրութեան իշխող խաւին կողմէ հալածանքի ու ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդին կրած տառապանքը, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին ու անոր յաջորդող փուլերուն՝ հասնելով մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն:

Գեղարուեստական յայտագիրին վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը: Հայկական ժողովրդական երկու պարերով տօնական մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ:

Հուսկ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան իր սրտին խօսքը արտասանեց:

Scroll Up