Ծնողներու Նուիրուած Իւրայատուկ Ձեռնարկներ Մեսրոպեանի Մէջ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժինը այս տարի շատ իւրայատուկ եղանակով նշեց Մայրերու Օրը, որ ըստ էութեան տարածուեցաւ բազմաթիւ օրերու վրայ եւ ընդգրկեց զանազան ձեռնարկներ:

Հիմնական իւրայատկութիւնը այն էր, որ բոլոր ձեռնարկներուն ալ ապահովուած էր մայրերու մասնակցութիւնը` իրենց զաւակներուն կողքին: Այսպէս, նախակրթարանի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տարբեր օրերու տեղի ունեցան խաչբառի, ֆրանսերէնի եւ կրօնագիտական զարգացման մրցումներ, ինչպէս նաեւ ծաղիկներու յարդարման, պտուղի սալատի ու կարկանդակի պատրաստութեան պահեր:

Սոյն ձեռարկները ի մի բերին մեր աշակերտներն ու ծնողները, խանդավառութիւն ստեղծելով բոլորին մօտ:

Այս բոլորին նախորդած էր “Սիրելի Հայրիկ, Լաւագոյն Մարզիկ” մարզական օրը, այս անգամ մանկապարտէզին մէջ: Օրուան հերոսները եղան մանկապարտէզի աշակերտներն ու անոնց հայրերը. “Սիրելի Հայրիկ – Լաւագոյն Մարզիկ” միջոցառումը գեղեցիկ առիթ մը եղաւ մէկտեղելու մեսրոպեանական փոքրիկներն ու անոնց ծնողները՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Հայր ու զաւակ՝ մէկ խումբ կազմած, մրցակցեցան իրարու հետ մարզական տարբեր խաղերու մէջ, որոնց արդիւնքով լաւագոյնները ստացան բաժակներ, իսկ բոլորը՝ մասնակցութեան նշաններ: Խաղերուն ներկայ եղան նաեւ մայրերը, քաջալերելու համար իրենց ընտանեկան խումբերը:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Scroll Up