Լոս Անճելըսի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի Հերթական Դրամական Օժանդակութիւնը Արցախին

Լոս Անճելըսի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի տնօրէն Ալինէ Դուրեանի գլխաւորութեամբ, շուրջ 70 աշակերտ եւ ուսուցիչ, հերթական անգամ ժամանած են Արցախ եւ մարմնակրթութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման համար՝ ցուցաբերած դրամական օժանդակութիւն:

Ստեփանակերտի Անդրանիկ Օզանեանի անուան փողոցին վրայ գտնուող  ֆութպոլի փոքր խաղադաշտի տարածքին վրայ՝ Ալինէ Դուրեան, վարժարանի աշակերտներուն ուժերով  հաւաքագրած գումարները յանձնած է ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան  նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Շաւարշ Սարգսեանին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Ալինէ Դուրեան ըսած է, որ իրենք վարժարանի 11-րդ դասարանի  աշակերտներուն հետ, ամէն տարի կ՝այցելեն Արցախ եւ Հայաստան, կ՝իրականացնեն տարբեր բարեգործական ծրագիրներ:

«Աշակերտներուն ցանկութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ՝ այս անգամ մեր դրամահաւաքը   ուղղուած պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի Անդրանիկ Օզանեանի անուան փողոցին վրայ գտնուղ ֆութպոլի փոքր խաղադաշտի վերանորոգման ու բարեկարգման  աշխատանքներուն»,- նշած է վարժարանի տնօրէնը:

Խօսելով Արցախի մէջ իրականացուող այլ ծրագիրներու մասին՝ ան տեղեկացուցած է, որ  իրենք 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն՝ դրամական օգնութեան ձեւով՝ եւս օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն. գործընթացը արդէն սկսած է: Զոհուածներու ընտանիքներուն օգնելու նպատակով՝ անոնք  Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կ՝այցելեն նաեւ այդ ընտանիքներ:

«Մեր նուիրատւութիւնները մենք շատ քիչ կը համարենք, քանի որ մեր զինուորները մեծ    զոհողութիւններու գնով հայրենիքի սահմանները անառիկ կը պահեն»,- աւելցուցած է Ալինէ Դուրեան:

Ան ըսած է, որ իրենց բարեգործական ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:

Վարժարանի աշակերտները, իրենց հերթին, անթաքոյց հպարտութեամբ իրենց մեծ սէրն ու   գոհունակութիւնը յայտնած են Արցախի հերոսական ժողովուրդի մասին. անոնք ամէն  հարցով պատրաստ են սատարելու արցախցիներուն:

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանը հիմնուած է  1970-ին. անիկա ամենօրեայ հայկական կրթօճախ է, ունի 5-18 տարեկան 780  աշակերտ, որոնց կ՝ուսուցանուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօն եւ այլ նիւթեր:

Scroll Up