Հանդիպում ԱՄՆ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան Պատուիրակութեան Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան մայիս 23-ին ընդունած է ԱՄՆ հայ իրաւաբաններու միութեան պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, քննարկուած են մեր հանրապետութեան մէջ  իրաւական ոլորտի զարգացման եւ Արցախ-Սփիւռք կապերու ընդլայնման ու խորացման վերաբերող  շարք մը հարցեր:

Նախագահը պահանջուած համարած է նման համագործակցութիւնը` կարեւոր նկատելով այստեղ ԱՄՆ հայ իրաւաբաններու միութեան դերակատարութիւնը:

Scroll Up